Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումը Արցախը ՄԱԿի Հովանիին Տակ Դնելու Կո
Առաւել քան 40 քոնկրեսականներ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին գլխաւորութեամբ՝ կոչ ըրին նախագահ Պայտընի վարչակազմին, որ կտրուկ քայլերու դիմէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին միջոցաւ՝ Արցախը ՄԱԿի խաղաղապահներու հովանիին տակ դնելու նպատակը իրագործելու համար, որովհետեւ միայն այդպէսով կարելի պիտի ըլլայ երաշխաւորել Պաքուի ցեղասպանական արշաւին թիրախ դարձած Արցախի 120,000 հայութեան ապահովութիւնը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս քայլը` շեշտելով, որ Ուաշինկթըն բարոյական պարտաւորութիւն ունի ցեղասպանական այս արշաւը կասեցնելու, որովհետեւ Ցեղասպանութեան ուխտը ստորագրած է։ Ան յոյժ կարեւոր նկատեց նաեւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին ճանաչումը, Լաչինի միջանցքին բացումը եւ հակահայ ոճիրներու պատասխանատուները պատժելը։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին համաատենապետներ Ֆրենք Փալոնի, Կաս Պիլիրաքիսի, Տէյվիտ Վալատաոյի եւ Էտըմ Շիֆի գլխաւորութեամբ եղած այս կոչը կատարուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ ՄԱԿի մօտ Միացեալ նահանգներու դեսպան Լինտա Թամըս Կրինֆիլտին հասցէագրուած նամակով մը, որուն մէջ կը դատապարտուի Արցախի վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը, զայն նկատելով Պաքուի ցեղասպանական արշաւին մէկ մասնիկը։
Անոնք նաեւ կոչ կ՛ընեն՝ կասեցնելու Պաքուին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները, եւ կ՛ազդարարեն, թէ այսօր հաւանաբար վերջին առիթը կրնայ ըլլալ փրկելու Արցախի հայութիւնը։
Այս նպատակով Պայտընի վարչակազմին դիմելու համար այցելել՝ կայքը։
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ