Պորել կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Լաչինի միջանցքով երաշխաւորելու ապահով եւ ազատ տեղաշարժ
Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել կոչը
Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին, բազմաթիւ այլ հարցերու կողքին քննարկուեցաւ նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամը:
Նիստէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ Լաչինի միջանցքով երաշխաւորելու ապահով եւ ազատ տեղաշարժ:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
01/09/2023, 08:45