Որոնել

AZERBAIJAN-ARMENIA-KARABAKH-CONFLICT

ՆԱԹՕի ներկայացուցիչը Լաչինի միջանցքին շուրջ իրավիճակի վատթարացման գծով մտահոգութիւն յայտնեց

ՆԱԹՕն բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ կրկնապատկելու ջանքերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցուած խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնելու համար», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Քոլոմինա։

Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՆԱԹՕի Ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիեր Քոլոմինա խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակի վատթարացման գծով:

«Առանցքային է ազատ տեղաշարժի ապահովումը եւ հրատապ մարդասիրական կարիքներու բաւարարումը ապահովելը: ՆԱԹՕն բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ՝ կրկնապատկելու ջանքերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցուած խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնելու համար», «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է Քոլոմինա։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2023, 08:02