«ՀԱՊԿ-ն պատրաստ է Հայաստանի սահմանին առաքելութեան տեղակայման հարցի քննարկման. կազմակերպութիւնը կը սպասէ Երեւանի արձագանգին» կ՛ըսէ Աղասանդեան
ՀԱՊԿ-ն պատրաստ է վերադառնալու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու հարցի քննարկման, կազմակերպութիւնը կը սպասէ Երեւանի արձագանգին: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու առաջին վարչութեան տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեան:
«ՀԱՊԿ-ն կազմաւորող պետութիւնները երբեք չեն հրաժարած շրջանին մէջ կացութեան կայունացման ուղղուած ջանքերէն եւ բազմիցս հաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` գտնելու որոշակի լուծումներ, որոնք մեր հայ ընկերներուն պիտի արտօնեն առաւելագոյնս շահաւէտ օգտագործել կազմակերպութեան լայն կարելիութիւնները:
«Մենք տակաւին կ՛ակնկալենք Երեւանէն դրական արձագանգ եւ պատրաստ ենք վերսկսելու բովանդակային աշխատանքը Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ՀԱՊԿ-ի դիտորդական առաքելութիւն տեղակայելու առաջարկի, ինչպէս նաեւ մեր դաշնակիցին օգնելու այլ միացեալ քայլերու շուրջ», ըսած է ան:
Դիւանագէտը ընդգծած է, որ Մոսկուան համոզուած է, որ «համապատասխան որոշումներու որդեգրումը դրական պիտի անդրադառնայ շրջանային ընդհանուր կացութեան վրայ»:
«Ես անգամ մը եւս կը շեշտեմ` մենք պատրաստ ենք նման կառուցողական աշխատանքի», ըսած է Աղասանդեան:
«Մոսկուան լիայոյս է, որ Երեւանի մէջ կը հասկնան, որ արեւմտեան երկիրները կը փորձեն քաղաքական եւ տնտեսական ճնշում գործադրել Ռուսիոյ ամէնէն մօտ դաշնակիցներու, ներառեալ Հայաստանի վրայ` Ռուսիոյ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ անոր դիրքերուն առաւելագոյն վնաս հասցնելու համար», յայտնած է ան:
«Այդ նպատակին հասնելու համար անոնք կը փորձեն խաթարել շրջանային անվտանգութեան գոյութիւն ունեցող մեքանիզմները, ներառեալ ՀԱՊԿ-ի կարելիութիւններուն վրայ հիմնուած: Յոյսով ենք, որ Երեւանի մէջ ատիկա լաւ կը հասկնան», բացատրած է դիւանագէտը:
Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ ՀԱՊԿ-ն, ինչպէս որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն, «կախարդական փայտիկ չէ», որով խնդիրները կը լուծուին:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը ամէնէն բարդերէն է, անիկա ունի պատմական խոր արմատներ: Կայուն լուծման միակ ճամբան բանակցութիւններու հիման վրայ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու հետեւողական լուծումն է, կողմերու փոխադարձ յարգանքը, փոխզիջումներու դիմելու, պատասխանատու որոշումներ կայացնելու եւ զանոնք իրականացնելու պատրաստակամութիւնը: Այս ծիրին մէջ ես չեմ կրնար չնշել Ռուսիոյ եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ այս դժուար հոլովոյթին մէջ առանցքային միջնորդական դերը», ըսած է Աղասանդեան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ