Կութիերես. «Աշխարհի վրայ կախուած է հիւլէական պատերազմի ստուերը»
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Ճափոնի մէջ Ամերիկայի կողմէ Հիրոշիմայի հիւլէական ռմբակոծութեան 78-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկներու վերաբերեալ իր ուղերձին մէջ ըսած է, որ հիւլէական պատերազմի ստուերը կրկին կախուած է աշխարհի վրայ:
«Հիւլէական ստուերը, որ Պաղ պատերազմի ժամանակ կախուած էր աշխարհի վրայ, դարձեալ յայտնուեցաւ, եւ որոշ երկիրներ կրկին անխոհեմօրէն կը ճօճեն սուրերը` սպառնալով օգտագործել ոչնչացման այդ միջոցը», նշուած է անոր ուղերձին մէջ:
Կութիերես նաեւ անդրադարձած է անվստահութեան եւ անմիաբանութեան աճին:
Բացի ատկէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղած է ամբողջութեամբ հրաժարելու հիւլէական զէնքէն եւ նշած, որ ատիկա ՄԱԿ-ի ընդհանուր նպատակներէն մէկն է: Ան ատիկա կոչած է հիւլէական պատերազմի վտանգը վերացնելու միակ միջոցը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ