Որոնել

FILE PHOTO: U.N. Secretary-General Antonio Guterres speaks about the Black Sea grain corridor outside U.N. Security Council at U.N. headquarters in New York

Վերաբանալ Լաչինի Միջացնքը. ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը յատկապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման մասին հրապարակումներով եւ կոչ ըրած «անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու կարիքի մէջ գտնուող մարդոց մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը» թոյլ տալու համար։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ խոր մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման մասին հրապարակումներու կապակցութեամբ, որ հետեւանք է Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ամբողջական արգելափակման։

Կութերեշի անունով տարածուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմէ ընդունուած որոշումներու կատարման անհրաժեշտութիւնը։

«Ան (ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը) կը յիշեցնէ իր նախորդ յայտարարութիւնը կողմերու՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումները կատարելու անհրաժեշտութեան մասին, ներառեալ՝ 2023 թուականի փետրուար 22-ին հրապարակուած եւ 2023 թուականի յուլիս 6-ին վերահաստատուած որոշումները՝ կապուած Լաչինի միջանցքի երկայնքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրային միջոցներու եւ բեռերու անարգել տեղաշարժն ապահովելու միջոցառումներու հետ», - նշուած է յայտարարութեան մէջ:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը յատկապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման մասին հրապարակումներով եւ կոչ ըրած «անյապաղ քայլեր ձեռնարկելու կարիքի մէջ գտնուող մարդոց մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը» թոյլ տալու համար։ 

«Ան երկու կողմերուն կոչ կ'ընէ աշխուժացնելու ջանքերը յարաբերութիւններու երկարաժամկէտ կարգաւորման ուղղութեամբ՝ ի շահ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2023, 14:03