Պշարրէի մէջ. «Յիսուսի պայծառակերպութիւնը յիշենք, որպէսզի դժուարութիւններուն դիմաց Չընկրկինք» շեշտեց Ռայի պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ երեկոյեան Պշարրէի մայրիներու անտառին մէջ նախագահեց Յիսուսի այլակերպութեան կամ պայծառակերպութեան նուիրուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին հաստատեց, որ այդ տօնը իւրաքանչիւրին կոչ կ՛ուղղէ պահելու եւ պահպանելու Աստուծոյ պատկերը` անոր բնութեամբ եւ մարդկային էութեամբ:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ մարդ արարածը, յատկապէս լիբանանցիները կարիքը ունին յիշելու Յիսուսի պայծառակերպութիւնը, որպէսզի դժուարութիւններուն դիմաց չընկրկին, այլ` վերադառնան Յիսուսի խօսքերուն եւ ցուցմունքներուն:
Ան հաստատեց, որ իսկական հաւատացեալը ան է, որ կը միացնէ եւ ոչ թէ կը բաժնէ` աւելցնելով, որ Յիսուս ինքն իր մասին ըսած է, թէ ինք ճշմարտութիւնն է, ուղին եւ կեանքը:
«Հետեւաբար պէտք է Քրիստոսի այլակերպութեան այս տօնին առիթով պահենք փառքն ու մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ գտնուող Աստուծոյ պատկերը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը Զմմառի մէջ ներկայ գտնուեցաւ համալիբանանեան երիտասարդական համագումարի փակման հանդիսութեան, որուն ընթացքին մատուցուած Ս. պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց հասնելու Լիբանանի օժանդակութեան եւ փտած պատասխանատուներէն զայն ազատագրելու անհրաժեշտութեան:
Ռայի պատրիարքը յորդորեց երիտասարդները միայն Լիբանանին նուիրուած պարկեշտ քաղաքացիներ ըլլալու, որպէսզի Լիբանանի վերածնունդի յոյսը վառ պահուի:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Տիմանի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Սքաֆը, որուն հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւնները` ընդգծելով նախագահական ընտրութեան թղթածրարին լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
Սքաֆ զարմանք յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին քննարկումը յետաձգուած ըլլայ սեպտեմբեր ամսուան` աւելցնելով, որ անոր մասին աշխատանքը պէտք չէ կանգ առնէ:
«Եթէ այս ընթացքով շարունակենք, ապա Լիբանանի համար լուծումները արտաքին աշխարհին կողմէ պիտի պարտադրուին` այլոց յարմար թուականներով», ըսաւ ան:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ