Որոնել

2023.03.15 Artsakh logo ministero degli Esteri

Ստեփանակերտ ՄԱԿէն կ՛ակնկալէ ցուցաբերել սկզբունքային դիրքորոշում

«Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի յստակ ցեղասպանական մտադրութիւնը, որեւէ փորձ` խոչընդոտելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ջանքերը` վերջ դնելու Արցախի անմարդկային պաշարման եւ մարդասիրական աղէտին, հաւասարազօր պիտի ըլլայ լռելեայն հաւանութեան, եթէ ոչ մեղսակցութեան Պաքուի կողմէ կատարուող յանցագործութիւններուն», յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Պաշտօնական Ստեփանակերտը ողջունած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը`  նուիրուած Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի անօրինական շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ծագած մարդասիրական աղէտի քննարկման:

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ իրենք կ՛ակնկալեն, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրները կը ցուցաբերեն հետեւողականութիւն եւ սկզբունքային դիրքորոշում Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ հետագայ յանցաւոր գործողութիւնները կանխելու գործին մէջ եւ իրենց դիրքորոշումը կ՛ամրապնդեն բանաձեւի ընդունումով, «որ կը պարտաւորեցնէ Ազրպէյճանը վերացնելու Լաչինի միջանցքի անօրինական շրջափակումը առանց որեւէ նախապայմանի եւ այլընտրանքային երթուղիներու հետ փոխկապակցութեան` 9 նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ յայտարարութեան եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն խիստ համապատասխան»:

Միեւնոյն ժամանակ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ «հիասթափութիւն կը յառաջացնէ այն, որ առանձին պատուիրակութիւններ փորձած են երեւակայական եւ չափազանց վտանգաւոր հաւասարակշռութիւն գտնել Արցախի ժողովուրդի` իր հայրենիքին մէջ ազատ, անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու ցանկութեան եւ զայն բռնի ուժով հպատակեցնելու եւ ոչնչացնելու Ազրպէյճանի նկրտումներուն միջեւ»:

«Չի կրնար ըլլալ փոխզիջում, մէկ կողմէ` ազատութեան, մարդկային արժանապատուութեան, խաղաղութեան եւ արդարութեան համընդհանուր արժէքներուն եւ միւս կողմէ` մարդոց ֆիզիքական ոչնչացման նպատակով իրականացուող մարդու իրաւունքներու համակարգուած եւ լայնածաւալ խախտումներու ծայրայեղ դրսեւորումներուն միջեւ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի յստակ ցեղասպանական մտադրութիւնը, որեւէ փորձ` խոչընդոտելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ջանքերը` վերջ դնելու Արցախի անմարդկային պաշարման եւ մարդասիրական աղէտին, հաւասարազօր պիտի ըլլայ լռելեայն հաւանութեան, եթէ ոչ մեղսակցութեան Պաքուի կողմէ կատարուող յանցագործութիւններուն», յայտարարած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2023, 08:00