Որոնել

FILES-AZERBAIJAN-ARMENIA-KARABAKH-CONFLICT-LACHIN

Եւրոպացի Օրէնսդիրները կոչ կ՛ուղղեն Պաքուին՝ անյապաղ բանալու Լաչինի միջանցքը

Եւրոպացի օրէնսդիրները խորապէս անհանգստացած են Արցախի մէջ արագօրէն վատթարացող մարդասիրական վիճակով եւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակական շրջափակումով։ Անոնք կը նշեն, որ Ատրպէյճանի այդ գործելակերպը կը հակասէ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Փետրուար 2023ին ընդունուած, ապա 6 Յուլիսին վերահաստատուած իրաւաբանօրէն պարտադիր ուժ ունեցող որոշման:

Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան հարցով, 1 Օգոստոսին, միացեալ յայտարարութիւն տարածեցին Հարաւային Կովկասի հետ յարաբերութիւններու պատուիրակութեան նախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Մարինա Քալիւրանտ, խորհրդարանի Հայաստանի հարցերու զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւ եւ Ատրպէյճանի հարցերու զեկուցող Ժելեանա Զովքօ:

Եւրոպացի օրէնսդիրները խորապէս անհանգստացած են Արցախի մէջ արագօրէն վատթարացող մարդասիրական վիճակով եւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակական շրջափակումով։ Անոնք կը նշեն, որ Ատրպէյճանի այդ գործելակերպը կը հակասէ  9 Նոյեմբեր  2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի  22 Փետրուար 2023ին ընդունուած, ապա 6 Յուլիսին վերահաստատուած իրաւաբանօրէն պարտադիր ուժ ունեցող որոշման:

Ուղերձի երեք հեղինակները կը նշեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչները կանգնած են լուրջ մարդասիրական տագնապի դէմ յանդիման, եւ իրենք բոլորովին կ՛աջակցին Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի 26 Յուլիսի յայտարարութեան եւ կը դատապարտեն մարդասիրական մատակարարումներու շարունակական շրջափակումը:

Անոնք կ՛ընդգծեն, որ Աղդամի ճամբով օգնութիւն տրամադրելու Ատրպէյճանի առաջարկը առանձին հանգամանք է, առ այդ, Լաչինի միջանցքին նկատմամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները պէտք է յարգուին: Պէտք է անպայման թոյլ տալ մարդասիրական օգնութեան փոխադրութիւնը եւ զայն խոչընդոտելը միջազգային մարդասիրական օրէնքի իսկական խախտում կը նկատուի: Յաւելեալ ուղիներու բացումը խրախուսելի է, սակայն անիկա առանձին հարց է, որ պէտք է փոխադարձաբար համադրուի Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ՝ ուղիղ բանակցութիւններու միջոցով, կը նշեն հեղինակները։

«Մենք բոլորովին կ՛աջակցինք տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան կայուն եւ երկարաժամկէտ լուծում գտնելու՝ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի դիւանագիտական ջանքերուն: 15 Յուլիս 2023ին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման երկու կողմերը համաձայնեցան դիւրացնել մարդասիրական օգնութեան հասանելիութիւնը տարածաշրջանը` մարդկային տառապանքը մեղմացնելու նպատակով: Դժբախտաբար, շարունակուող շրջափակումը կը հակասէ խաղաղ բանակցութիւններու նպատակին եւ այդքան անհրաժեշտ վստահութեան ամրապնդման ջանքերուն», կը նշեն երեք օրէնսդիրները:

Անոնք կը կրկնեն Պաքուին ուղղուած կոչը՝ անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, հաւատարիմ մնալու միջազգային սկզբունքներուն ու պարտաւորութիւններուն` մարդասիրական աղէտը կանխելու համար:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2023, 08:10