Թեներիֆի հրդեհի պատճառը հրկիզումն է
Քանարեան կղզիներու շրջանի նախագահ Ֆեռնանտօ Քլավիխօ յայտարարած է, որ ոստիկանութիւնը հաստատած է, որ սպանական Թեներիֆ զբօսաշրջական կղզիին մէջ անտառային հրդեհը միտումնարւոր սկսած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը:
Քլավիխօ յայտնած է, որ ոստիկանութիւնը հետաքննութեան երեք ուղղութիւն բացած է, սակայն չէ նշած, թէ արդեօք ձերբակալութիւններ եղա՞ծ են:
Բարելաւուած եղանակային պայմանները հրշէջներուն օգնած են գիշերուան ընթացքին յառաջընթաց արձանագրելու պայքարին մէջ հրդեհին դէմ, որ վերջին հինգ օրուան ընթացքին դուրս եկած էր վերահսկողութենէն:
Վերջին քանի մը տարիներուն Քանարեան կղզիները, ինչպէս նաեւ ցամաքային Սպանիոյ մեծ մասը, տուժած են երաշտէն: Կղզիները վերջին տարիներուն անձրեւի միջինէն ցած տեղումներ արձանագրած են` կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով յառաջացած եղանակի փոփոխութեան պատճառով:
Թէեւ կղզիի հիւսիս-արեւելքին մէջ բռնկած հրդեհը հեռու է հարաւ-արեւմուտքին մէջ գտնուող հիմնական զբօսաշրջական տարածքներէն, սակայն շրջանային կառավարութիւնը հրամայած է հեռացնել բնակիչները Թյտէ հրաբուխի ազգային պուրակի պետական պանդոկէն, որ կը գտնուի Թեներիֆի կեդրոնը` հրդեհային գօտիէն շուրջ 50 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք:
Տաւիլան կը տեղեկացնէ, որ աւելի քան 12000 մարդիկ հեռացուած են իրենց տուներէն անցեալ երեքշաբթի օր բռնկած հրդեհէն ետք: Մինչեւ շաբաթ օր այրած է աւելի քան 8000 հեկտար սոճիի անտառ, սակայն, ըստ Տաւիլայի, կիրակի օր այդ ցուցանիշը, հաւանաբար, շատ աւելի մեծ պիտի ըլլայ:
Հրդեհը, որ Թեներիֆի մէջ տասնամեակներէ ի վեր ամէնէն մեծն է, կը սպառնայ 11 քաղաքային շրջաններու, որոնք տեղակայուած են զառիվեր եւ ժայռոտ լեռնային վայրի կողքերուն: Հրշէջներու համար հասանելիութիւնը չափազանց դժուար է:
Հրդեհի դէմ պայքարին մասնակից են աւելի քան 400 հրշէջներ եւ զինուորներ, ինչպէս նաեւ ջուր տեղափոխող 23 ուղղաթիռ եւ օդանաւ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ