Նոր ծովահէնները եւ լիբանանահայութեան ամուր խարիսխները․ «Ազդակ»ի խմբագրականը
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն երեք տարի անց, յետադարձ որոշ խորհրդածութիւններ պէտք է արձանագրել:
Պայթումը պատահեցաւ համավարակի, քաղաքական անորոշութեան եւ տնտեսական ծանրագոյն պայմաններու մէջ, աւելի խորերը ներքաշելով հասարակութիւնը` կուտակուած ճգնաժամերու մէջ:
Երկու ուղղութեամբ օժանդակութիւններու փութացումը ուշագրաւ էին: Առաջինը տարբեր պետութիւններ ուղղակի թէ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ճամբով, շրջանցելով կառավարական գերատեսչութիւնները հսկայածաւալ մարդասիրական բնոյթի օգնութիւններ հասցուցին լիբանանցի ժողովուրդին: Պարզ էր ուղերձը. չեն վստահիր պետութեան եւ կապ կը հաստատեն ուղղակի ժողովուրդին հետ. այստեղ աննկատ պէտք չէ ձգել նաեւ միջազգային հանրութեան կողմէ իբրեւ միակ վստահելի նկատուած միաւորը` լիբանանեան բանակի երեւոյթը, որուն վստահուեցաւ բնակարաններու կամ հաստատութիւններու վերանորոգման համար տարբեր պետութիւններու կամ միջազգային ֆոնտերու կողմէ յատկացուած գումարները տեղ հասցնելու գործառոյթը:
Հսկայական այդ գումարներու տրամադրումը եղաւ նաեւ լիբանանեան որոշ կազմակերպութիւններու կողմէ, գուցէ քաղաքացիական շարժումի կարկառուն դէմքերու ճամբով: Այդ հայթայթումի մեթոտները կը կիրարկուէին նոր խորհրդարանի ձեւաւորման նախօրեակին: Խորհրդարանի այսօրուան պատկերը երէկուանը չէ, եւ պէտք է գիտակցիլ, որ քաղաքացիական խմբակցութիւնները այսօր, թէկուզ սահմանափակ քանակով, այդուհանդերձ ներկայ են լիբանանեան խորհրդարանին մէջ:
Օժանդակող պետութիւնները եւ անոնց հովանաւորած կազմակերպութիւնները իրենց աշխատանքներու թիրախին մէջ նկատի չունեցան Պէյրութի քանդուած նաւահանգիստին վերանորոգումը: Այս երեւոյթը կը տեղաւորուի ընդհանրապէս պետական դաշտի կազմաքանդման ընդհանուր միտումի ուղիներուն վրայ: Լիբանանի տնտեսութեան վերականգնման համար նաւահանգիստը կարեւորագոյն յենասիւն է, եւ տնտեսական բնական պաշարներով չյատկանշուած Լիբանանին համար ծովային առեւտուրը եւ նաւահանգստային համակարգը աւելի քան կենսական նշանակութիւն ունին: Առաջադրանքը ուրեմն, ոչ թէ արմատապէս տնտեսութեան վերականգնումն էր եւ պայթումին արհաւիրքային հետեւանքներու վերացումը, այլ` մարդոց կարճաժամկէտ օժանդակութեան փութալով քաղաքական թիրախ խփելը: Պէյրութի նաւահանգիստի աւերակները որոշ ժամանակ ծառայեցին զբօսաշրջական դիտարժան վայրերու շարքին այցելուներու լուսանկարման: Վերականգնումը կ՛ուշանայ:
Վերականգնումը պայման ունի անշուշտ: Միջազգային օժանդակութիւնը նախապայմանային է: Եթէ մէկ կողմէ պետական հաստատութիւններու սեփականաշնորհման եւ շահարկման առաջադրանքին մասին կը խօսուի, միւս կողմէ աւելի հեռանկարային առումով ապակեդրոնացում-դաշնակցային դրութիւն ծրագիրի շրջանառումով նաւահանգիստի եւ անոր նման համապետական հաստատութիւններու գործարկման եղանակներուն մասին տեսութիւններ կը շրջանառուին:
Քաղաքական նախապայմանային այս օժանդակութիւններու տրամադրումներէն կամ զլացումներէն անկախ լիբանանահայութեան համար պարզուեցաւ խորքային այլ երեւոյթ: Յարանուանութիւններ, կուսակցութիւններ եւ միութիւններ համախմբուեցան լիբանանահայութեան կրած հարուածէն դուրս գալու համար: Պայքար համավարակին եւ տնտեսական գահավիժումին դէմ. առաւել եւս` պայթումին հասցուցած ծանր հետեւանքներուն:
Այս համախմբուածութեան խորհուրդը տարածուեցաւ հայկական աշխարհին մէջ: Հայաստանի Հանրապետութենէն Արցախ, անցնելով Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա եւ նոյնիսկ միջինարեւելեան տագնապահար համայնքներ բոլորը անխտիր ձեռք երկարեցին վիրաւոր լիբանանահայութեան:
Վիրաւոր լիբանանահայութիւնը, ի տես հայկական աշխարհի զօրակցութեան, վերստին ուղղեց իր ողնաշարը եւ վճռեց յաղթահարել ծանրագոյն հետեւանքները: Վերաշինութիւն, վերանորոգում, վերակահաւորում եւ մանաւանդ շատ արագ կազմակերպ, աշխուժ հաւաքական կեանքի վերադարձ. այս բոլոր գործողութիւնները փոխանցեցին հայկական աշխարհին, որ լիբանանահայութիւնը արժանի էր բոլորին նիւթաբարոյական զօրակցութեան:
Նաւահանգիստի յղացքը աստուածաշնչական, հասարակագիտական թէ խորհրդաբանական առումներով փոթորիկներէն դէպի ապահով տեղ հասնելու խորհրդանիշը կ՛ամփոփէ իր մէջ: Այդ յղացքին անմիջականօրէն կապուած է նաեւ փարոսի գաղափարը, որ կողմնացոյցի դեր ունի ընդհանրապէս եւ յատկապէս նաւաբեկուած ճամբորդներուն համար:
Արժեհամակարգերու արմատական ու շրջիվար փոփոխութիւններու ներկայ փոթորիկներուն մէջ լիբանանահայութիւնը թէ՛ փարոսի եւ թէ՛ նաւահանգիստի խորհրդաբանական կարգավիճակը կը շարունակէ պահել: Ծովահէնները փոխած են իրենց զէնքերը եւ ճանապարհորդող նաւերուն վրայ յարձակելու միջոցները: Անկախ Պէյրութի նաւահանգիստի վերանորոգումէն, լիբանանահայութիւնը պարտաւոր է արդիականացնել նաւահանգստային իր խարիսխները եւ նոր ճաճանչներով վերալուսաւորել հայկական ամբողջ աշխարհին համար տեսանելի իր փարոսը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ