Որոնել

2022.06.15 Porte Aperte profughi

Սուրիոյ հարցով Արաբական Յանձնախումբը օտար ոուժերու Սուրիայէն հեռացման եւ գաղթականներու տունդարձի կոչ կ՛ուղղէ

Ժողովին մասնակիցները շեշտեցին սուրիացի գաղթականներու պատշաճ տունդարձի պայմաններու ապահովման, եւ Սուրիոյ կառավարութեան ու այդ գաղթականները հիւրընկալող պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման վրայ` կազմակերպելու եւ դիւրացնելու համար գաղթականներու կամաւոր ու ապահով տունդարձը եւ վերջ տալու համար անոնց տառապանքին:

Սուրիոյ հարցով արաբական յանձնախումբի` Գահիրէի մէջ Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Սէուտական Արաբիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին մասնակցութեամբ ժողովին ընթացքին միացեալ հաղորդագրութեամբ մը մէջ ընդգծուեցաւ, որ սուրիական տագնապին միակ լուծումը քաղաքականն է:

Ժողովին մասնակիցները նաեւ պահանջեցին օտար բոլոր ապօրինի ուժերու Սուրիայէն հեռացումը` միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համահունչ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ շրջանի անվտանգութիւնը պահպանող կերպով:

Ժողովին մասնակիցները շեշտեցին սուրիացի գաղթականներու պատշաճ տունդարձի պայմաններու ապահովման, եւ Սուրիոյ կառավարութեան ու այդ գաղթականները հիւրընկալող պետութիւններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման վրայ` կազմակերպելու եւ դիւրացնելու համար գաղթականներու կամաւոր ու ապահով տունդարձը եւ վերջ տալու համար անոնց տառապանքին:

Անոնք ողջունեցին Սուրիա մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու շուրջ սուրիական կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ին միջեւ համաձայնութեան գոյացումը:

Հաղորդագրութիւնը շեշտեց միջազգային ընտանիքին եւ ՄԱԿ-ին հետ աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` տնտեսական կանխահաս վերականգնման ծրագիրներու գործադրութիւնը արագացնելու համար:

Ժողովին մասնակիցները հաստատեցին Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ջանքերուն, Սուրիոյ եւ անոր գերիշխանութեան ու անվտանգութեան պահպանման ջանքերուն աջակցութեան, ինչպէս նաեւ սուրիական հողերուն վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գոյութեան վերջ տալու կարեւորութիւնը:

Անոնք նաեւ համաձայնեցան իրենց յաջորդ ժողովը գումարել Պաղտատի մէջ, եւ կազմել փորձագէտներու մակարդակով կապի խումբ մը` յաջորդ ժողովի նախապատրաստման աշխատանքները համակարգելու համար:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ «ժողովը լաւ եւ արդիւնաւէտ էր»` աւելցնելով, որ անիկա Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ կարեւոր երկխօսութեան առիթ էր:

«Անդամ երկիրներու օրհնութեամբ պիտի շարունակենք աշխատանքը տարբեր ոլորտներու մէջ` ի շահ Սուրիոյ եւ անոր սիրելի ժողովուրդին ակնկալուած յառաջդիմութիւնը արձանագրելու համար», աւելցուց Ապուլ Ղէյթ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2023, 07:38