Ատրպէյճանցիները խափանեցին Հակարիի կամուրջին մօտ հասած Ֆրանսայի մարդասիրական օգնութեան միջանցքէն անցքը դէպի Արցախ
Ֆրանսայի ուղարկած մարդասիրական օգնութիւնը 30 Օգոստոսին, Երեւանէն հասաւ Կոռնիձոր՝ Հակարիի կամուրջին մօտ, սակայն ատրպէյճանցիները Լաչինի միջանցքը փակեցին ֆրանսական բեռնատարներուն առջեւ եւս։
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ Փարիզի, Սթրասպուրկի եւ ֆրանսական քանի մը այլ մեծ քաղաքներու ուղարկած մարդասիրական շարասիւնին կ՛ընկերակցի Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Անոնք դիմաւորուեցան Արցախի արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանի, Սիւնիքի մարզպետին եւ Գորիսի համայնքապետին կողմէ։ Ղազարեան տեղւոյն վրայ պատուիրակութեան ներկայացուց իրավիճակը, նաեւ անդրադարձաւ Լաչինի ատրպէյճանական անցակէտին մէջ կատարուած առեւանգումներուն։
Իտալկօ «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակած է ֆրանսական պատուիրակութեան հետ լուսանկար մը եւ կատարած հետեւեալ գրառումը. «Հայաստան կը գտնուինք` Փարիզի եւ այլ տեղական իշխանութիւններու ընտրուած պաշտօնեաներու հետ: Ինն ամիսէ ի վեր` Արցախի 120 հազար հայերը, որոնց 30 հազարը` մանուկներ, մեկուսացուած են, մատնուած սովի եւ զրկուած ամէն ինչէ: Մարդասիրական այդ աղէտին դէմ յանդիման մենք անոնց համար հրատապ օգնութիւն կը տանինք: Ժամանակը հաշուըւած է»:
Աւելի ուշ, Գորիսի մէջ, պատուիրակութիւնը տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն տեսակապով միացաւ նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, որ շեշտեց, թէ Արցախ այս օրերուն կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն ծանր օրերը: «Ադրբեջանը ակնկալում է ճնշմամբ` մանաւանդ հումանիտար (մարդասիրական) եւ սննդի եւ այլ պարագաներով ծնկի բերել Արցախին, արցախցուն, բայց դա չի յաջողուի։ Մենք յարգել գիտենք, բայց ծնկի գալ չգիտենք: Պայքարելու ենք այնքան, ինչքան հնարաւորութիւն ունենանք: Չնայած որեւէ ակնկալիք չունենք աշխարհից, գերտերութիւններից, միջազգային կառոյցներից, բայց մենք շարունակելու ենք: Հազարամեակներով ժառանգած արժանապատուութիւնը մեզ համար աւելի կարեւոր է», ըսաւ Յարութիւնեան, որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսային եւ Արցախի համար յատկացուած մարդասիրական առաքելութեան բոլոր մասնակցողներուն` նշելով, թէ Արցախ երբեք չի մոռնար այդ քայլը։
Իտալկօ իր կարգին յայտնեց, որ եկած են իրենց համերաշխութիւնը եւ բարեկամութիւնը արտայայտելու: «Մենք կարցանք 10 բեռնատարներ ուղարկել,. անոնց մէջ հիմնականին մէջ չփճացող ուտելիք կայ, մանուկներու համար ուտելիք, կաթի փոշի, նաեւ շարժակներ, ամէն այն, ինչը կարելիութիւն պիտի տայ ձեզի դիմադրելու եւ տոկալու», ըսաւ Իտալկօ։
Ան նաեւ ցեղասպանութիւն եւ ցեղային զտում որակեց Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը: «Նաեւ կը դիմենք Ֆրանսայի նախագահին, որ ան օգտագործէ այն դիրքը, զոր ունի Ֆրանսան՝ ՄԱԿի խորհուրդին մէջ բանաձեւ ընդունելու համար՝ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները յարգել տալու նպատակով», նշեց ան:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ