Որոնել

2023.07.01 Situazione umanitaria in Artsakh allo stremo

Արցախի մէջ 40 տարեկան անձ մը սովամահ եղաւ

Ստեփանեան կ՛ընդգծէ, որ շրջափակման եւ յատկապէս երկամսեայ ամբողջական պաշարման պատճառով յառաջացած պարէնային աղէտալի իրավիճակը եւ անոր իբրեւ արդիւնք մարդոց թերսնուցումը եւ սովի սպառնալիքը, անհրաժեշտ դեղորայքի բացակայութիւնը եւ առողջապահական համակարգի ամբողջապէս գործելու անկարելիութիւնը ուղիղ եւ անառարկելի սպառնալիքներ կը ստեղծեն Արցախի 120 հազար բնակչութեան համար

Արցախի մէջ արդէն սովամահութեան պարագայի մը արձանագրութեան մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ ահազանգեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, որուն հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Ստեփանակերտի բնակիչ, 1983ի ծնունդ Կ. Յովհաննիսեան մահացաւ քրոնիկ թերսնուցման պատճառով:

«Ըստ դատաբժշկական փորձաքննութեան եզրակացութեան եւ անձի մահուան մասին վկայականի Կ. Յովհաննիսեանի մահուան պատճառ է հանդիսացել` «արտայայտուած ալիմենտար դիստրոֆիա (սննդանիւթերու երկարատեւ եւ ոչ ամբողջական սպառման պատճառով ընդհանուր հիւծուածութիւն, այտուցներ, նիւթափոխանակութեան բոլոր ձեւերու խանգարում, օրկաններու կազմափոխութեամբ եւ գործառական խանգարումներով), կախեքսիյ, սպիտակուցաէներգետիկ անբաւարարութիւն, կուաշիորկոր (սնուցման խանգարման յատուկ` ծանր տարատեսակ, որ կը զարգանայ օրկանիզմին մէջ ուտելիքին մէջ սպիտակուցներու ոչ-բաւարար պարունակութեան պարագային, հիւանդութեան զարգացման պատճառ կը դառնան կենցաղային ծանր պայմանները, ցած կենսամակարդակը), երկկողմանի պոլիսեգմենտար թոքաբորբ`աջից կռուպոզ տարրի գերակշռումով, թոքերի այտուց, խառը մետոբոլիկ, հիպոքսիկ էնցեֆալոպաթիա, ներքին օրգանների` երիկամների դիստրոֆիա, անեմիա, սեպտիկ վիճակ, աջակողմեան հիդրոթորաքս, քրոնիկական թերսնուածութիւն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։

Ստեփանեան կ՛ընդգծէ, որ շրջափակման եւ յատկապէս երկամսեայ ամբողջական պաշարման պատճառով յառաջացած պարէնային աղէտալի իրավիճակը եւ անոր իբրեւ արդիւնք մարդոց թերսնուցումը եւ սովի սպառնալիքը, անհրաժեշտ դեղորայքի բացակայութիւնը եւ առողջապահական համակարգի ամբողջապէս գործելու անկարելիութիւնը ուղիղ եւ անառարկելի սպառնալիքներ կը ստեղծեն Արցախի 120 հազար բնակչութեան համար:

«Ադրբեջանի կողմից Արցախի ութ ամիս շարունակուող շրջափակման աղէտալի հետեւանքները հանրային առողջութեան վրայ առաւել քան նկատելի եւ շօշափելի են, որոնք առաջնահերթ արտայայտւում են հասարակութեան խոցելի խմբերի` երեխաների, յղիների, քրոնիկ հիւանդութիւն ունեցող անձանց, հաշմանդամների եւ տարեցների առողջական իրավիճակի վրայ», կը շեշտուի հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էդմոն Մարուքեան անդրադարձաւ սովամահութեան դէպքին՝ «Էքս»ի իր պլոկին վրայ գրելով եւ դիմելով Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին, Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավարին եւ այլ անձերու:

«Մենք արդէն 8 ամիս է` ամէն օր զգուշացնում էինք այդ մասին: Խնդրում ենք միջոցներ ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղում էթնիկ (ցեղային) զտումներն ու ցեղասպանութիւնը դադարեցնելու համար», գրած է Մարուքեան։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/08/2023, 08:29