Որոնել

AZERBAIJAN-ARMENIA-KARABAKH-CONFLICT-DEMO

Կարմիր խաչը Արցախէն եւս 10 բուժառու տեղափոխած է Հայաստան

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ այսօր եւս 10 բուժառու ուղեկցողներու հետ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը։

«Նախատեսւում է օրուայ ընթացքում ԿԽՄԿ մեքենաներով Արցախ վերադարձնել 9 բուժառուի (ուղեկցողների հետ), որոնք ժամանակին պետական պատուէրի շրջանակում ուղեգրուել են ՀՀ բուժում ստանալու համար»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գերատեսչութիւնը նշած է, որ ատրպէյճանական կողմը շարունակաբար կ'արգիլէ Կարմիր խաչի մեքենաներով խիստ անհրաժեշտ դեղորայքի եւ բժշկական պարագաներու մատակարարումը Արցախ, իսկ բազմաթիւ բուժառուներ դեռ կը սպասեն իրենց տեղափոխութեան Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ վերադարձին:

«Արեւիկ» բուժմիաւորումէն ներս այս պահուն բուժում կը ստանայ 26 երեխայ, 7-ն կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն» ՓԲԸ-ի մէջ ստացիոնար բուժում կը ստանայ 82 հիւանդ, 6 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, անոնց վիճակը ծանր է։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2023, 08:01