«Արցախի փրկութիւնը համահայկական առաջնահերթ հրամայական է» շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Ներկայ հայկական իրականութեան դիմաց որքա՜ն պէտք ունինք հաւատքի ու կամքի զօրութեան, որպէսզի կարենանք շարունակել ապաւինիլ Աստուծոյ փրկութեան խոստումին, իսկ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առընթեր նշուած Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան նուիրուած Ս. պատարագը առիթ կը ստեղծէ հաւատացեալներուն վերանորոգուելու եւ վերանորոգելու իրենց քրիստոնէական յոյսը:
Արդարեւ, շաբաթ, 12 օգոստոս 2023-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս Ս. եւ անմահ պատարագի ընթացքին արտասանած իր հայրապետական պատգամը յատկացուց Արցախին եւ զայն յղեց հինգ հասցէներու` Հայաստանի իշխանութեան, Հայաստանի ժողովուրդին, միջազգային համայնքին, սփիւռքին եւ Արցախի ժողովուրդին:
Նշենք, որ հանդիսապետութեամբ վեհափառ հայրապետին, վանքի բացօթեայ Ս. խորանին վրայ պատարագը մատուցեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեան, երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը:
Յաւարտ Ս. պատարագին, վեհափառ հայրապետը թափօրով խորան բարձրացաւ ու հանդիսապետեց խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի արարողութեան, որմէ ետք ուղղեց իր հայրապետական պատգամը: Ան ըսաւ, որ խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Արցախի պարզած ներկայ ճգնաժամային կացութեան, երբ շրջափակումի ենթարկուած Արցախը սովամահ ըլլալու անմիջական վտանգին ենթակայ է: Ուստի, վեհափառ հայրապետը դիմելով Հայաստանի իշխանութեան հարց տուաւ, թէ ան կ՛անդրադառնա՞յ արդեօք, որ իր որդեգրած մօտեցումները Արցախը կրնան ջնջել հայ կեանքի քարտէսէն ու ցեղասպանութեան մատնել 120 հազար հայորդիները, միաժամանակ վտանգելով նաեւ Հայաստանի ապագան: Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Հայաստանը պէտք է տէր կանգնի իր շահերուն` զատորոշելով բարեկամութիւնը ենթակայութենէն: Աւելի՛ն, «Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ընթացքին պէտք է, որ Հայաստանը դուրս գայ պարտուած ըլլալու հոգեվիճակէն եւ սոսկ զիջումներ կատարելու կացութենէն: Եւ աւելի՛ն, Հայաստանը պէտք է առկախէ բանակցութիւնները, մինչեւ որ վերջ գտնէ Արցախի շրջափակումը»: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ նոր պատերազմներէ խուսափիլ չի նշանակեր տեղի տալ Ազրպէյճանի տակաւ բազմացող պահանջներուն: «Անհրաժեշտ է որդեգրել ճկուն, բայց մարտունակ գործելաոճ, միշտ մեկնելով պատմականօրէն հաստատուած եւ միջազգային ճանաչում ստացած Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար կարգավիճակէն: Այլ խօսքով, պէտք է մերժել որեւէ մօտեցում, որ Արցախը կը նկատէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան անբաժան մասը», ընդգծեց ան: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ «շրջափակումին կարելի փութով վերջ տալը եւ Արցախի ինքնորոշման կարգավիճակը առաւել շեշտաւորումով միջազգային հարթակ բերելը պէտք է Հայաստանի իշխանութեան արտաքին քաղաքականութեան կիզակէտը դառնան: Այս համահայկական հրամայականին լոյսին տակ եւ ներկայ ճակատագրական պայմաններուն մէջ, Մեր առաջարկն է, որ իշխանութեան, ընդդիմութեան ու սփիւռքի ներկայացուցիչներէ բաղկացած քաղաքական ու դիւանագիտական հարուստ փորձառութիւն ունեցող մարմին մը, իր ետին ունենալով մեր ամբողջ ժողովուրդին նեցուկն ու վստահութիւնը, ամբողջական պատասխանատուութիւնը ստանձնէ վարելու Ազրպէյճանի հետ տարուող բանակցութիւնները, բնականաբար` նոր ոճով ու նոր մօտեցումով», թելադրեց ան:
Դիմելով Հայաստանի ժողովուրդին` վեհափառ հայրապետը տարօրինակ գտաւ տիրող լռութիւնն ու անտարբերութիւնը. ան կոչ ուղղեց ժողովուրդին փողոց իջնելու. «Մեր եղբայրներն ու քոյրերը եւ մեր երեխաները, սովամահ ըլլալու վիճակին մէջ կը գտնուին. դուք ի՞նչ կ՛ընէք. փողոց իջէք, ինչի՞ կը սպասէք. աշխարհը մեզ կը դիտէ. ժողովուրդին ձայնը գերիվեր է բոլոր տեսակի ձայներէն ու տեսակէտներէն: Ձեր ժամանակը մի՛ վատնէք ապառողջ քննադատութիւններով, փոխադարձ մեղադրանքներով, բացուած ճեղքերը աւելի խորացնելով: Ոտքի ելէ՛ք, արդարութիւն պահանջեցէ՛ք աշխարհէն: Հայաստանի մէջ կեանքը չի կրնար բնական ըլլալ, երբ անդին ծայրայեղօրէն անբնական է կեանքը Արցախի մէջ: Մեր ազգին միասնականութիւնն ու հաւաքական վճռականութիւնը ցոյց տուէք գործնապէս` ձեր դիմաց կանգնած արիւնարբու ազերիին», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Երրորդ պատգամը ուղղելով միջազգային համայնքին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ ինչպէս 1915-ին, այսօր եւս հարց կու տանք, թէ ո՞ւր է միջազգային համայնքը: Ազրպէյճան անպատիժ կերպով կը շարունակէ անտեսել Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան, Եւրոպական խորհուրդին, միջազգային իրաւական կառոյցներուն ապաշրջափակման կոչերը, իսկ միւս կողմէ Թուրքիա նեցուկ կը կանգնի շրջափակման ու Զանգեզուրի միջանցքի բացման մասին կը խօսի: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ կարգ մը բարեկամ երկիրներու զօրակցութիւնն ու մարդասիրական օժանդակութիւնը, որոնց համար շնորհակալ ենք, բաւարար չեն տագնապը լուծելու. հրամայական է Արցախին անվտանգութիւնը ապահովել` անոր ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալով: «Մեր սպասումն է, որ յատկապէս մեծ պետութիւններ դիմեն գործնական քայլերու, առաջին հերթին ստիպելով Ազրպէյճանին, որ վերջ տայ Արցախի շրջափակումին, եւ ապա քաղաքական բանակցութիւններու ճամբով ճանչնան Արցախի ինքնորոշումը` միջազգային հովանաւորութեան ներքեւ», յայտնեց վեհափառ հայրապետը:
Իր պատգամը ուղղելով սփիւռքին` Արամ Ա. կաթողիկոսը վերյիշեցուց, թէ սփիւռքը միշտ գործնապէս եղած է Արցախի կողքին` տնտեսական, բարեսիրական, քաղաքական ու քարոզչական հսկայ ներդրում կատարելով, ի խնդիր Արցախի հզօրացման ու զարգացման: «Արցախը կ՛ուղղուի դէպի կործանում: Արցախը առանձին պէտք չէ ձգել: Իւրաքանչիւր հայ եւ ամբողջ հայութիւնը նուիրական պարտաւորութիւն ունին Արցախին նկատմամբ: Արցախի փրկութիւնը համահայկական առաջնահերթութիւն է», ըսաւ վեհափառ հայրապետը ու աւելցուց, որ սփիւռքը կոչուած է դիմելու այնպիսի ազդու միջոցներու, որոնք Արցախի ներքին ուժականութիւնը կ՛ամրապնդեն եւ արտաքին աշխարհին մէջ Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման անյետաձգելի հրամայականը կը շեշտեն: «Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, առաջին հերթին, սփիւռքի մարդուժն ու ներուժը համախմբել. երկրորդ, աշխատանքային յստակ օրակարգ կազմել ու թիրախներ ճշդել եւ երրորդ, տեղեկատուական մարզին մէջ ծրագրուած լայնածաւալ քարոզչութիւն կատարել` արաբական, իսլամական, եւրոպական, ամերիկեան, ինչպէս նաեւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական շրջանակներուն մէջ, համապատասխան շեշտաւորումներով», թելադրեց ան:
Վերջապէս, իր պատգամը ուղղելով Արցախի ժողովուրդին, վեհափառ հայրապետը յայտնեց. «Սիրելի՛ Արցախի հայութիւն, Արցախը պարտուած չէ, յաղթական է Արցախը ու պիտի մնայ յաղթական` այնքան ատեն որ ձեր կեանքը շաղախուած է ամուր հաւատքով, կռանուած` անխորտակելի կամքով ու թրծուած` պայծառ ապագայի տեսլականով», ու վստահեցուց, որ Արցախը առանձին չէ: Ան եզրափակեց իր պատգամը` ըսելով, որ «Արցախի ժողովուրդը խորհրդարանին ճամբով արտայայտած է իր հաւաքական կամքը` «Ճանաչում յանուն փրկութեան»: Արդար պահանջ մը, որ իրաւական հիմք ունի եւ կը համապատասխանէ պատմական իրողութեան ու միջազգային օրէնքին: Սա պահուն, Մենք եւս Մեր ձայնը միացնելով Արցախի խորհրդարանին, կը յայտարարենք, թէ «խորապէս համոզուած ենք, որ վերահաս ողբերգութիւնը կանխելու միակ միջոցը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է` ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՅԱՆՈՒՆ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ սկզբունքի հիման վրայ: Արցախին դիմաց այլ ճանապարհ չկայ: Եկէ՛ք, ժողովուրդ հայոց, միասնաբար եւ արիաբար քալենք այս ճամբէն: Բի՜ւր պատիւ ու յարգանք Արցախի մեր սիրելի ժողովուրդին»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ