Որոնել

2023.08.14 Consiglio Sicurezza ONU

ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը համակարծիք է՝ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի

Ապահովութեան խորհուրդի անդամ 15 երկիրներու ներկայացուցիչներու գերակշռող մեծամասնութիւնը համակարծիք էր, որ մարդասիրական հարցերը չեն կրնար օգտագործուիլ իբրեւ մահակ՝ 120 հազար անձերու իրաւունքները ճնշելու: Դիւանագէտներուն մեծ մասը յստակօրէն ընդգծեց, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի, միւսները, որոնց կարգին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ համանախագահող Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան, կարելիութիւն տեսան նաեւ այլ երթուղիներու գործարկման՝ Լաչինի միջանցքի բացման զուգահեռ:

Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումով, Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոսին գումարուեցաւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման եւ այդ պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական կացութեան վատթարացման հարցով:

Ապահովութեան խորհուրդի անդամ 15 երկիրներու ներկայացուցիչներու գերակշռող մեծամասնութիւնը համակարծիք էր, որ մարդասիրական հարցերը չեն կրնար օգտագործուիլ իբրեւ մահակ՝ 120 հազար անձերու իրաւունքները ճնշելու: Դիւանագէտներուն մեծ մասը յստակօրէն ընդգծեց, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի, միւսները, որոնց կարգին ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին մէջ համանախագահող Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան, կարելիութիւն տեսան նաեւ այլ երթուղիներու գործարկման՝ Լաչինի միջանցքի բացման զուգահեռ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ Հայաստան Ապահովական խորհուրդէն կ՛ակնկալէ դատապարտել քաղաքացիներուն նկատմամբ իբրեւ պատերազմի մեթոտ սովի կիրարկումը՝ կոչ ուղղելով՝ անյապաղ վերականգնելու Լաչինի միջանցքով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու տեղաշարժի ազատութիւնը եւ ապահովութիւնը՝ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղ գործուղել կարիքներու գնահատման անկախ միջգերատեսչական առաքելութիւն մը եւ տուժած բնակչութեան տրամադրել մարդասիրական օգնութիւն:

Ան աւելցուց, որ այս հեղինակաւոր կառոյցէն կ՛ակնկալուի նաեւ աջակցութիւն՝ տարածաշրջանին մէջ արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու հեռանկարը պահպանելու առումով, մանաւանդ որ անիկա մեծապէս կը վտանգուի Ատրպէյճանի կողմէ, Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտի հրահրման պատճառով:

Միրզոյեան մանրամասն կերպով, թիւերով եւ տուեալներով Ապահովական խորհուրդի անդամներուն ներկայացուց Արցախի շրջափակումէն մինչեւ օրս արձանագրուած իրադարձութիւնները, որոնց պատճառով ալ այսօր արցախահայութիւնը կանգնած է սովի սպառնալիքին դէմ յանդիման՝ աւելցնելով, որ վերջին 8 ամիսներուն կրկնապատկուեցաւ մահացողներու թիւը:  

Ան յիշեցուց, որ նախորդ ամիսներուն, միջազգային ընտանիքի տարբեր ներկայացուցիչներ եւ մարմիններ փոխեցին հասցէագրել Լաչինի միջանցքի բացման հարցը, այնուամենայնիւ, հակառակ բոլոր կոչերուն, 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն, Արդարադատութեան միջազգային դատարանի իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող որոշումներուն՝ իրավիճակը չէ բարելաւուած, ընդհակառակը, Ատրպէյճան աստիճանաբար, բայց հետեւողականօրէն սրեց շրջափակումը՝ ընդհուպ մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջական պաշարումը: «Այս ողջ ընթացքում Ադրբեջանի կողմից ցուցաբերած ներգրաւուածութիւնը կարող է բնութագրուել ցանկացած կերպ, բայց ոչ բարեխիղճ: Անվտանգութեան խորհրդում այս հարցի վերաբերեալ առաջին քննարկման ժամանակ Ադրբեջանը հրաժարուեց ստանձնել որեւէ պատասխանատուութիւն իր գործողութիւնների համար եւ նոյնիսկ յայտարարեց, որ չի վերահսկում Լաչինի միջանցքը: Վերջին ութ ամիսների ընթացքում Ադրբեջանը մի շարք պատրուակներ է առաջ քաշել իր գործողութիւններն արդարացնելու նպատակով», ըսաւ Միրզոյեան:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ «Լաչինի միջանցքը համաձայնեցուել է որպէս Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ կապող օղակ եւ չունի այլընտրանք: Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի, իսկ ինչ վերաբերում է այլ հնարաւոր հաղորդակցութիւններին, դա պէտք է լուծուի Բաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջազգային մեխանիզմի (գործիքակազմի) շրջանակներում»:

Ան շեշտեց, որ մարդասիրական հարցերը ակնյայտօրէն պէտք է լուծուին միջազգային հանրութեան վճռական միջամտութեամբ, այլապէս այս կացութիւնը պիտի պատճառէ Արցախի ժողովուրդի ցեղային զտումը՝ յիշեցնելով, որ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ եւս իր զեկոյցին մէջ նշեց, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է: 

«Նման աղէտի կանխումը ՄԱԿի եւ այս Խորհրդի հիմնական պարտականութիւնն է: Ես իսկապէս կարծում եմ, որ այս նշանաւոր կառոյցը, չնայած աշխարհաքաղաքական տարաձայնութիւններին, կարող է հանդէս գալ որպէս ցեղասպանութեան կանխարգելման, այլ ոչ ցեղասպանութեան ոգեկոչման կառոյց, երբ արդէն շատ ուշ կը լինի», եզրափակեց Միրզոյեան:

ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահ, Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտ շեշտեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական կացութեամբ՝ նշելով, որ ուտելիքի, դեղորայքին, մանուկներու ուտելիքի եւ ուժանիւթերու հասանելիութիւնը երբեք պէտք չէ պատանդ առնուի:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ վերականգնելու միջանցքով ազատ տեղաշարժը, որպէսզի առեւտրական, սեփական եւ մարդասիրական փոխադրամիջոցները կարենան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան: Մենք նաեւ կ՛ընդգծենք փոխըմբռնման կարելիութիւնը՝ մարդասիրական մատակարարումներու յաւելեալ ուղիներու հարցով եւ կը հասկնանք, որ անցեալ Դեկտեմբերէն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն աջակցած էր առաւել քան 700 հիւանդներու Հայաստան փոխադրութեան: Չէզոք, անկողմնակալ, մարդկային եւ անկախ մարդասիրական հասանելիութիւնը եւ օգնութիւնը՝ ներառեալ բժշկական տարհանումները, պէտք չէ խոչընդոտուին: Վերջակէտ», հաստատեց Թամըս-Կրինֆիլտ: 

Ան ընդգծեց կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու անհրաժեշտութիւնը՝ հասնելու հակամարտութեան տեւական եւ խաղաղ լուծման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման՝ աւելցնելով, որ այս նպատակով բոլոր կողմերէն կը պահանջուի ստեղծարարութիւն, ճկունութիւն եւ փոխըմբռնում:

«Թոյլ տուէք յստակացնելու, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ընդգրկէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ապահովութիւնը եւ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Միացեալ Նահանգները կոչ կ՛ուղղէ՝ զսպուածութիւն դրսեւորելու եւ դադրեցնելու որեւէ գործողութիւն, որ կը խարխլէ խաղաղութեան հոլովոյթը: Մենք բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ կատարելու միջազգային օրէնքով իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները: Միջազգային ընտանիքը պէտք է շարունակէ համագործակցութիւնը դիւանագիտական հարթութեան վրայ՝ երկխօսութեան եւ արժանապատիւ ու կայուն խաղաղութեան հասնելու համար: Բանակցութիւնները կենսական նշանակութիւն ունին երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար: Մենք կ՛աջակցինք որեւէ ձեւաչափի, որ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին պիտի արտօնէ շարունակել բանակցութիւնները՝ խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու նպատակով: Բոլոր կողմերուն ուղիղ բանակցութիւններու կոչ կ՛ուղղենք, ներառեալ նաեւ՝ Պաքուի իշխանութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Միացեալ Նահանգները հաւատարիմ է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ, ժողովրդավար եւ զարգացող ապագայի իր տեսլականին: Մենք երկկողմ եւ բազմակողմ հարթակներու մէջ պիտի շարունակենք աշխատիլ բոլոր գործընկերներուն հետ՝ լաւագոյն ապագան ստեղծելու նպատակով», եզրափակեց Թամըս-Կրինֆիլտ: 

ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի յայտարարեց, որ 25 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն ընթացքին, ռուսական կողմը առաջարկեց լարուածութեան թուլացման իրատեսական փոխզիջումնային լուծումներ, զորս կողմերը կը մշակեն: «Խօսքը կը վերաբերի Աղդամով եւ Լաչինով միջանցքներու զուգահեռ բացման՝ քաղաքացիներու եւ ոչ-ռազմական բեռներու տեղաշարժին համար: Այդ մէկը անհրաժեշտ նախադրեալներ պիտի ստեղծէ պաշտօնական Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան լիազօր ներկայացուցիչներուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան շուտափոյթ մեկնարկին համար», նշեց ան:

Փոլիանսքի մտահոգութիւն յայտնեց Լաչինի միջանցքի շարունակական փակման գծով՝ շեշտելով, որ այսօր առաւել քան երբեք պահանջուած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կացութեան լարուածութեան շուտափոյթ մեղմացման վերաբերող քայլերը, ներառեալ՝ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակումը եւ այլ մարդասիրական երթուղիներու օգտագործումը:

«Ռուսիա, երկու կողմերուն աջակցութեամբ, առաւելագոյն ջանքեր կը գործադրէ ստեղծուած ճգնաժամային կացութեան շուտափոյթ լուծման, ինչպէս նաեւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու համար: Բոլոր մակարդակներու վրայ կարելին կ՛ընենք՝ տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական աղէտ չարտօնելու համար: Կը շարունակենք եռանդուն հաղորդակցութիւնները ներգրաւուած բոլոր կողմերուն հետ՝ Լեռնային Ղարաբաղ սննդամթերքի եւ առաջին անհրաժեշտութիւն նկատուող այլ պարագաներու կայուն մատակարարումներու անյապաղ վերականգնման նպատակով:

Ռուսիոյ նախագահին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին՝ 2020էն 2022 յայտարարութիւններու ամբողջութիւնը կը մնայ Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման համար այլընտրանք չունեցող ճամբու քարտէս: Եռակողմ համաձայնութիւններու ներուժը սպառուած չէ, եւ առանցքային բաղադրիչներն են՝ Ռուսիոյ փորձագիտական աջակցութեամբ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահամանազատումը եւ հետագայ սահմանագծումը, Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի շրջանակներուն մէջ փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստման աջակցութիւնը, խորհրդարանականներու եւ հասարակութեան հեղինակաւոր ներկայացուցիչներու երկխօսութեան զարգացումը», ըսաւ Փոլիանսքի:

Ան աւելցուց, որ այս ուղղութիւններէն իւրաքանչիւրին համար որոշ յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ Ռուսիա տրամադիր է հետագային եւս համապատասխան ջանքեր գործադրելու:

«Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտեցումը անկարելի է պատկերացնել առանց իրաւական ծիրին մէջ ընդհանուր ճանչցուած միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ Ատրպէյճանի կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու ապահովութեան եւ իրաւունքներու պահպանման յուսալի եւ յստակ երաշիխներու: Այս տրամաբանութիւնը կը բխի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու՝ 1991ի Ալմա-Աթայի հռչակագիրին համապատասխան իրարու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման մասին բազմիցս հաստատուած, վերջերս ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն: Կ՛ակնկալենք, որ հոլովոյթին բոլոր մասնակցողները իրենց մէջ կը գտնեն տարակարծութիւնները յաղթահարելու քաղաքական կամք՝ Լեռնային Ղարաբաղի տասնեակ հազարաւոր բնակիչներու աղէտալի վիճակը թեթեւցնելու եւ Պաքու-Ստեփանակերտ ձեւաչափով կայուն երկխօսութիւն հաստատելու համար: 

«Մենք պատրաստ ենք աշխատիլ բոլոր պատասխանատու դերակատարներուն հետ, որոնք շահագրգռուած են Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան կարգաւորումով եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտեցումով: Անոնք, որոնք անկեղծօրէն հաւատարիմ են այս բեմագրութեան, որ հիմնուած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներու արմատական շահերուն վրայ, պէտք է մէկ կողմ ձգեն որեւէ աշխարհաքաղաքական եւ այլ ներքաղաքական նկատառումներ: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ ամենայն պատասխանատուութեամբ մօտենալու այս ծիրին մէջ Ապահովութեան խորհուրդի հարթակի օգտագործման: Հարցերը,ն ամէն պարագայի, իրարու միջեւ պէտք է լուծեն Պաքու եւ Երեւան, եւ ոչ մէկ պարտադրուած տարազ եւ հանգուցալուծում անոնց երկխօսութիւնը պիտի փոխարինէ: Մեր կողմէ պիտի շարունակենք խրախուսել զանոնք՝ կողմերը մօտեցնելով բարիդրացիական որոշումին», եզրափակեց Փոլիանսքի:

ՄԱԿի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան գործերու յանձնակատարը իր կարգին դիտել տուաւ, որ միութիւնը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Արցախի մէջ տիրող բաւական լուրջ մարդասիրական ճգնաժամին՝ աւելցնելով, որ, հակառակ Լաչինի միջանցքը բանալու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումին, Լաչինի միջանցքով տեղաշարժը ամբողջովին փակ է առաւել քան 8 ամիսէ ի վեր:  

Ան շեշտեց, որ մարդասիրական ապրանքներու առաքումը պէտք չէ քաղաքականացուի որեւէ նպատակով: Անմիջապէս պէտք է վերականգնել տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով՝ եռակողմ համաձայնագիրի եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման համաձայն, որովհետեւ կողմերը պարտաւորութիւն կը կրեն երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով ապահով տեղաշարժը՝ կանխարգիլելով ճգնաժամի հետագայ վատթարացումը:

«Անհրաժեշտ է որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները անյապաղ քայլերու ձեռնարկեն՝ ապահովելով քաղաքացիներուն ապրանքներու մատակարարումը Աղդամի ճամբով: Սակայն, անիկա պէտք չէ նկատուի իբրեւ տարբերակ՝ չբանալու Լաչինի միջանցքը: Առաջին հերթին, պնդումները պէտք է ուղղուած ըլլան բնակչութեան ապահովութեան եւ ապրանքներով ապահովելուն, պէտք է խրախուսի տեղւոյն հայ բնակչութեան եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութիւնը: Այդ մէկը անհրաժեշտ է կողմերուն միջեւ վստահութեան ձեւաւորման համար», նշեց ան:

Եւրոպական Միութիւնը բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց՝ խուսափելու հետագայ միջադէպերէն եւ վերադառնալու երկխօսութեան, դադրեցնելու կոշտ հռետորաբանութիւնը, ինչ որ կրնայ խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու հիմ հանդիսանալ.  երկխօսութիւնը բարեխղճութեան հիմով կը շարունակէ արդիական մնալ:

Ըստ կանձնակատարին՝ պէտք է յանձնառու ըլլալ բանակցութիւններու արդիւնքներուն եւ ձգտիլ փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորման: «Դժբախտաբար, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներկայիս վատթարացող մարդասիրական կացութիւնը կը վնասէ խաղաղութեան հոլովոյթին: Հարցերը պէտք է լուծուին, անյապաղ ձեռնարկուին յստակ քայլերու՝ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման նպատակով», նշեց ան՝ աւելցնելով, որ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ լիարժէքօրէն յանձնառու ըլլալ երկու կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը դիւրացնելու եւ տեւական խաղաղութիւն ապահովելու հարցին մէջ՝ ի շահ եւ ի նպաստ տարածաշրջանի ամբողջ բնակչութեան:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2023, 08:30