Որոնել

2023.07.24 Patriarca dei Maroniti Cardinal Bechara RAI

Տիմանի մէջ. «Լիբանանի ինքնութիւնն ու պատգամ երկիր ըլլալը այլանդակուելու սպառնալիքին ենթակայ են» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը Քաննուպին սուրբ հովիտին մէջ նախագահեց հոգեւոր եւ մշակութային հանդիպումի մը, որուն ընթացքին մաղթեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները իրենց անձնական նեղլիկ շահերը շրջանցեն, որպէսզի կարողութիւնը ունենան տեսնելու իրականութիւնը եւ Լիբանանը փրկեն իր ներկայացուցած ցաւալի իրականութենէն:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ինքնութիւնն ու պատգամ երկիր ըլլալը այլանդակուելու եւ քանդուելու սպառնալիքին ենթակայ են` սահմանադրութեան կառչած չմնալու, Թաէֆի համաձայնագիրը չգործադրելու, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ չընտրելու եւ սահմանադրական հաստատութիւնները փլուզումի ենթարկելու պատճառով:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի համար Տոհայի մէջ գումարուած հնգակողմանի հանդիպումին` նշելով, որ այդ երկիրները Լիբանանի հոգերով աւելի մտահոգ են, քան` լիբանանեան իշխանութիւնները, որոնք կը շարունակեն քանդել երկիրը:

Անդրադառնալով պատգամ երկիր ըլլալու Լիբանանի իրականութեան` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը, որպէսզի անոնք եւս պաշտպանեն իրենք ինքնութիւնը եւ պատճառ չդառնան Լիբանանի ինքնութիւնը այլանդակելու արարքին:

Միւս կողմէ, շաբաթ օր Ռայի պատրիարքը Քաննուպին սուրբ հովիտին մէջ նախագահեց հոգեւոր եւ մշակութային հանդիպումի մը, որուն ընթացքին մաղթեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները իրենց անձնական նեղլիկ շահերը շրջանցեն, որպէսզի կարողութիւնը ունենան տեսնելու իրականութիւնը եւ Լիբանանը փրկեն իր ներկայացուցած ցաւալի իրականութենէն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2023, 08:37