Իսրայէլեան բանակը 2-րդ օրն ըլլալով շարունակեց Ժենինի վրայ իր յարձակումը. Պաղեստինցիք կը շարունակեն դիմադրել
Իսրայէլեան բանակը 2-րդ օրն ըլլալով շարունակեց Այսրյորդանանի Ժենին քաղաքի եւ անոր գաղթակայանին վրայ իր յարձակումը, իսկ պաղեստինեան դիմադրութիւնը շարունակեց ականներ պայթեցնելով եւ զինեալ բախումով դէմ դնել յարձակումին:
Իսլամական Ժիհատ կազմակերպութեան զինեալ թեւ «Սարայա Քուտս»-ի Ժենինի ջոկատը յայտարարեց, որ իր զինեալները վար առած են գաղթակայանին վերեւ թռիչք կատարող իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը` վար առնուած սարքերուն թիւը բարձրացնելով 4-ի:
Անոնք նաեւ իսրայէլացի զինուորներու դէմ ականներ պայթեցուցած են:
Մինչ իսրայէլեան բանակը իր կրած վնասներուն մասին լուռ կը մնայ, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցը հաղորդեց, որ բախումներու ընթացքին շարք մը իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են:
Մասնաւորաբար բուռն եղած են անցեալ գիշեր տեղի ունեցած բախումները, որոնց պատճառով իսրայէլեան բանակը յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Ժենին:
Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը մէկ զինուորական գործողութեամբ պիտի չաւարտի, եւ մտադիր ենք Ժենինի մէջ գործողութիւնը շարունակել, մինչեւ որ անոր բոլոր նպատակները իրագործուին»:
Աղբիւրը՝ Ազդկակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ