«Անկարգութիւնները դադրեցուցէ՛ք», կ՛ըսէ Ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ սպաննուած անչափահասի մեծ մայրը
Ֆրանսական ոստիկանութեան կողմէ երեքշաբթի օր սպաննուած ծագումով ալճերիացի անչափահաս Նահելի մեծ մայրը` Նատիան «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Յոգնած եմ: Վերջացած է, զաւակս այլեւս կեանք չունի»:
Ան կոչ ուղղեց հանդարտելու եւ անկարգութիւնը դադրեցնելու` աւելցնելով. «Դպրոցները մի՛ քանդէք, փոխադրակառքերը մի՛ քանդէք: Այլ մայրեր կան, որոնք այդ փոխադրակառքերը կը բարձրանան»:
Ան նախապէս յայտնած էր, որ անկարգութիւններ կատարողները 17-ամեայ Նահելի մահը իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործեն: «Անոնք Նահելի մահը իբրեւ պատրուակ կ՛օգտագործեն: Կ՛ուզենք, որ հարցերը հանդարտին», ըսած էր ան` նշելով, որ վստահ է, որ իր թոռնիկը սպաննած ոստիկանը պիտի պատժուի` ինչպէս ոեւէ այլ մէկը:
Ֆրանսայի վարչապետ Էլիզապեթ Պոռն այցելեց Լէյ-Լէ-Ռոզ` զօրակցութիւն յայտնելու քաղաքապետ Վենսան Ժանպրիւնի, որուն տունը յարձակումի ենթարկուած էր, իսկ անոր կինը փախուստի ժամանակ ոտքը կոտրելով հիւանդանոց փոխադրուած էր: Ան ըսաւ, որ շաբաթ գիշեր տեղի ունեցած այդ յարձակումը «յատուկ կերպով ցնցիչ» էր: «Որեւէ բռնարարք անպատիժ պիտի չձգենք», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով, որ մեղաւորները «առաւելագոյն խստութեամբ» պատժուին:
Ֆրանսայի քաղաքապետներու ընկերակցութիւնը քաղաքացիներուն եւ քաղաքապետներուն կոչ ուղղեց այսօր երկրի տարածքին քաղաքապետարաններուն առջեւ հաւաքուելու` առ ի զօրակցութիւն Լէյ-Լէ-Ռոզ-ի քաղաքապետ Վենսան Ժանպրիւնի:
Շաբաթ գիշեր նախորդ գիշերներէն աւելի հանդարտ էր, սակայն ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկրի տարածքին 570 ինքնաշարժներ եւ 74 շէնքեր հրկիզուած են:
«Պի.Պի.Սի.» յոյս յայտնեց, որ անկարգութիւնները իրենց գագաթնակէտին հասած են եւ այժմ պիտի սկսին մեղմանալ, թէեւ միայն յառաջիկայ օրերն ու գիշերները ցոյց պիտի տան, եթէ ատիկա ճիշդ է:
Երեքշաբթի օրուընէ ի վեր 40000 ոստիկաններ զօրակոչի ենթարկուած են, աւելի քան 2000 անձեր ձերբակալուած են եւ աւելի քան 500 ոստիկաններ ու կիսազինուորական ոստիկաններ վիրաւորուած են:
Միայն Փարիզի մէջ անվտանգութեան 5000 աշխատակիցներ տեղակայուած են եւ լիազօրուած` ճնշելու անկարգութիւնները, ձերբակալութիւններ կատարելու եւ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարի խօսքերով` «վերականգնելու հանրապետական կարգ ու կանոնը»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ