Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան ժողով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան ժողով 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան ժողովին

Կ՚արժէ յայտնել, որ Ե.Հ.Խ.ը, որ ծնունդ առած է Օգոստոս 1948-ին, Ամսթրտամի մէջ, այս տարի իր 75 ամեակը միջ-եկեղեցական արարողութեամբ մը նշեց Ժընեւի «Սեն Փիեռ» վանքին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդրանիկ ժողովը գումարուեցաւ 21-27 Յունիս 2023-ին, Ժընեւի մէջ՝ յետ Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուած «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան եւ Միասնութեան» թեմայով 11-րդ համաժողովին։

Կեդրոնական Վարչութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող երկու անդամները՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան մասնակցեցան սոյն ժողովին։ Դիտորդի հանգամանքով նաեւ մասնակցեցաւ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան՝ Զուիցերիոյ մէջ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեան ներկայացուցիչը։ Նշենք, որ Գարլա Խիժոյեան կը շարունակէ վարել Ե.Հ.Խ.ին մէջ Միջին Արեւելքի բաժինի պատասխանատուի իր պաշտօնը։

Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար նիստերը կեդրոնացան համաժողովէն բխած որոշումները իրականցնելու համար ռազմավարութիւն ճշդելու վրայ՝ առաջնահերթութիւնները գործունէութիւն դարձնելու եւ համաշխարհային գետնի վրայ Ե.Հ.Խ.ի ներգործութիւնը աւելի ազդու դարձնելու համար։ Ժողովի ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութիւնը վաւերացուց չորս եկեղեցիներու անդամագրութեան առաջին հանգրուանը, ինչպէս նաեւ՝ 2023-2030 տարեշրջանի ծրագիրները։

Ժողովը ընտրեց յառաջիկայ 8 տարուան համար տարբեր յանձնաժողովներու եւ մարմիններու անդամները։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ընտրուեցան հետեւեալները.- Ռիթա Աստիկեան՝ «Երիտասարդներ Միջ-Եկեղեցական Շարժումին Մէջ» յանձնաժողովին մէջ, դոկտ. Նորա Պայրագտարեան՝ «Եկեղեցին՝ Միջազգային Հարցերու Մէջ» յանձնաժողովին մէջ, հայր Հրանդ՝ «Միջ-Եկեղեցական Ուսում եւ Կազմաւորում» յանձնաժողովին մէջ եւ Նարեկ սրբազան՝ «Համաձայնութեան եւ Համագործակցութեան Մնայուն Յանձնախումբ»ին մէջ։

Կ՚արժէ յայտնել, որ Ե.Հ.Խ.ը, որ ծնունդ առած է Օգոստոս 1948-ին, Ամսթրտամի մէջ, այս տարի իր 75 ամեակը միջ-եկեղեցական արարողութեամբ մը նշեց Ժընեւի «Սեն Փիեռ» վանքին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2023, 08:00