Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Փաշինեան-Միշել-Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը
Շաբաթ օր Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եռակողմ հանդիպումը, որուն աւարտին Միշել կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Քիչ առաջ աւարտած ենք նախագահ Ալիեւի եւ վարչապետ Փաշինեանի հետ վեցերորդ հանդիպումը: Մեր միտքերու փոխանակումները կրկին եղած են անկեղծ, ազնիւ եւ առարկայական:
«Մեր հանդիպումը վերջինն էր Պրիւքսելի, Քիշնեւի, Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի մէջ եւ երկկողմանի սահմանին վրայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն, փոխվարչապետներուն եւ արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ աշխուժ եւ արդիւնաւէտ բարձր մակարդակի հանդիպումներու շարքին:
«Մենք կ՛անցնինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու ամէնէն ընդգրկուն եւ եռանդուն փուլերէն մէկը:
«Ես ղեկավարները ողջունած եմ խաղաղութեան հոլովոյթին իրենց յստակ յանձնառութեան համար եւ յորդորած այսուհետեւ խիզախ քայլերու ձեռնարկելու` լուծման ճամբուն վրայ վճռական եւ անշրջելի յառաջընթաց ապահովելու համար:
«Եւ թէեւ մեր հանդիպումը տեղի ունեցած է գետնի վրայ լարուածութեան աճի մտահոգիչ պայմաններու մէջ, սակայն ես ընդգծած եմ քաղաքական քննարկումներուն եւ ջանքերուն մէջ կարեւոր այս պահը: Մենք քննարկած ենք օրակարգային բոլոր հարցերը:
1.- Գերիշխանութիւն եւ տարածքային ամբողջականութիւն
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները անգամ մը եւս ամբողջովին վերահաստատած են իրենց յարգանքը իրարու տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ: Ատիկա կը հիմնուի այն ըմբռնումին վրայ, որ Հայաստանի տարածքը 29800 քառակուսի քիլոմեթր է, իսկ Ազրպէյճանի տարածքը` 86600 քառակուսի քիլոմեթր:
2.- Սահմանազատում
«Երկու ղեկավարներն ալ վերահաստատած են իրենց յստակ յանձնառութիւնը 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին նկատմամբ` իբրեւ սահմանազատման քաղաքական շրջանակ:
«Ես ողջունած եմ 12 յուլիսին սահմանային երկու յանձնախումբերու հանդիպումը: Աշխատանքները յառաջ շարժած են այս յանձնախումբերու կանոնադրութեան եւ սահմանազատման հիմերու վերաբերեալ քննարկումներուն շուրջ: Շատ կարեւոր է նկատել, որ ղեկավարները համաձայնած են աշխուժացնել եւ արագացնել յանձնախումբերու աշխատանքը:
3.- Փոխկապակցում
«Փոխկապակցման հարցին մէջ, կողմերը նաեւ յստակ յառաջընթաց արձանագրած են վերջին երկու ամիսներու ընթացքին շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման ուղղուած իրենց քննարկումներուն մէջ:
«Մենք քննարկած ենք ապագայ փոխադրամիջոցներու ձեւերը, որոնք պիտի յարգեն գերիշխանութեան, իրաւասութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքները:
«Պէտք է անյապաղ ձեռնարկել երկաթուղային կապի կառուցումը: Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերելու:
«Որոշ մանրամասնութիւններ տակաւին յստակացում կը պահանջեն, սակայն այս նիւթին շուրջ դիրքորոշումները այժմ աւելի կը մօտենան, եւ տարբերակները աշխուժօրէն կ՛ուսումնասիրուին:
4.- Մարդասիրական խնդիրներ
«Մենք քննարկած ենք Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վիճակը եւ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Ներկայ կացութիւնը ակնյայտօրէն կայուն չէ եւ չի բխիր ոեւէ մէկուն շահերէն: Քննարկած ենք նաեւ հաւանական որոշակի քայլերը, որոնք պիտի օգնեն բնական հունի վերադարձնել կացութիւնը:
«Ես ընդգծած եմ Լաչինի ճամբու բացման անհրաժեշտութիւնը: Ես նաեւ նշած եմ Աղտամի միջոցով մարդասիրական մատակարարումներ կատարելու Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը: Ես երկու տարբերակներն ալ կարեւոր կը նկատեմ եւ կը խրախուսեմ մարդասիրական առաքումներ կատարել երկու կողմերէն` բնակչութեան կարիքները ապահովելու համար: Ես ողջունած եմ նաեւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ բժշկական տարհանումներու վերսկսումը:
5.- Իրաւունքներ Եւ Անվտանգութիւն
«Այդտեղ գտնուող բնակչութիւնը կարիք ունի հաւաստումներու` նախ եւ առաջ իր իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ: Այս ծիրին մէջ ես յայտնեցի Եւրոպական Միութեան` Պաքուի եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան ծաւալման մասին յորդորը: Այս երկխօսութիւնը պէտք է ապահովէ շատ անհրաժեշտ վստահութիւն բոլոր ներգրաւուածներուն համար:
6.- Կալանաւորներ
«Քննարկած ենք նաեւ կալանքի տակ գտնուող անձերու հարցը:
«Ղեկավարները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը ճենթլմենեան փոխըմբռնման այն մասին, որ անզգուշօրէն միւս կողմ անցած զինուորներու ազատ արձակումը պիտի արագացուի:
«Ես կողմ արտայայտուած եմ, որ երկու կողմէն ալ ազատ արձակուին կալանքի տակ գտնուողները:
«Քննարկուած է նաեւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրի եւ ականազերծման հարցերուն մէջ առաւել մեծ համագործակցութեան ապահովման կարեւորութիւնը, եւ ես անգամ մը եւս կողմերուն կոչ ուղղած եմ կարելի եղածին չափ շատ տեղեկութիւն փոխանակելու:
7.- Հետագայ ընթացք
«Մենք համաձայնած ենք, որ մեր խումբերը պիտի մնան սերտ կապի մէջ` ապահովելու որոշակի հետեւողականութիւն այսօր քննարկուածին վերաբերեալ:
«Իրական յառաջընթացը կախեալ է յաջորդ քայլերէն, որոնք պէտք է ձեռնարկուին մօտիկ ապագային: Իբրեւ առաջնահերթութիւն` խաղաղութեան եւ լուծման բանակցութիւններու համար պատշաճ միջավայր ապահովելու համար:
«Նաեւ վերահաստատած եմ մտադրութիւնս Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները հրաւիրելու այս ամառուընէ ետք Պրիւքսելի մէջ կայանալիք յաւելեալ մէկ հանդիպումին, ինչպէս նաեւ հերթական հնգակողմ հանդիպումին` Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներու մասնակցութեամբ Քանատայի մէջ` Եւրոպական Քաղաքական համայնքի յաջորդ վեհաժողովի ծիրին մէջ»:
Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան
Յայտարարութիւնը
Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը եռակողմ հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած խորացող մարդասիրական ճգնաժամին, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան ապահովման աշխատանքներուն, շրջանային փոխադրամիջոցային եւ տնտեսական ենթակառոյցներու ապաշրջափակման, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հասցէագրման, ինչպէս նաեւ գերիներու, անհետ կորսուածներու եւ այլ մարդասիրական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր:
Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է աշխուժացնելու աշխատանքները քննարկուած հարցերու լուծման ուղղութեամբ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ