ԵՈՒՆԻՍԵՖ. «Լիբանանի մէջ 10 ընտանիքներէն ին-ը կենսական ապրանքներ գնելու բաւարար դրամ չ՝ունի»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ԵՈՒՆԻՍԵՖի հետազօտութեան տուեալներուն համաձայն Լիբանանի մէջ 10 ընտանիքներէն ինը կենսական ապրանքներ գնելու բաւարար դրամ չ՝ունի։ Ընտանիքներուն 15 առ հարիւրը դադրած է իր զաւակները դպրոց ուղարկելէ։ Միջազգային դրամատան համաձայն 2022ի սղաճը 171,2 առ հարիւր է։
Լիբանանի մէջ ընտանիքներուն 52 առ հարիւրը ուսման ծախսերը նուազեցուցած է։ Անցեալ տարի այդ համեմատութիւնը 38 առ հարիւր էր։ Ընտանիքներուն 75 առ հարիւրը նուազեցուցած է առողջապահական դարմանումի ծախսերը։ Անցեալ տարի այդ համեմատութիւնը 50 առ հարիւր էր։
Աճող մեծ թիւով ընտանիքներ ստիպուած են իրենց զաւակները աշխատանքի ղրկելու, որոնցմէ շատեր 6 տարեկան են, երկրին մէջ աճող ընտերատնտեսական ճգնաժամերէն փրկուելու համար։
5 ընտանիքներէն 2 ընտանիքներ ստիպուած են իրենց ընտանեկան ունեցուածքները ծախելու։ Անցեալ տարին հինգ ընտանիքէն մէկ ընտանիք էր։
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետազօտութեան տուեալները ցոյց կու տան իրավիճակի ողբերգալի կացութիւնը, մինչ ճգնաժամերը կը շարունակուին վատթարանալ՝ չորս տարի անընդմէջ՝ կործանարար հետեւանքներ ունենալով մանուկներուն վրայ
Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի ներկայացուցիչ Էտուարտ Պէյկպէտէրի համաձայն, Լիբանանի մէջ աճող լարուածութիւնները, զուգորդուած զրկանքներուն հետ, ծանր մեծ հետեւանքներ ունեցած են մանուկներուն հոգեկան առողջութեան վրայ։
Մանուկներու հոգ տանող 10 անձերէ գրեթէ 7 անձեր, յայտնած են թէ իրենց զաւակները մտահոգ եւ ընկճուած հոգեվիճակի մէջ են ինչպէս նաեւ շատեր տխրութեան մատնուած են։
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը յորդորած է Լիբանանի կառավարութիւնը արագօրէն իրականացնելու վերջերս մշակուած ընկերային պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւնը(NSPS), որուն մէջ նախատեսուած է ընկերային օգնութիւններ տրամադրել անոնց որոնք շատ կարիք ունին ներառեալ մանուկներ աճեցնող խոցելի ընտանիքները։
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը յորդորած է նաեւ կառավարութիւնը ներդրում կատարելու կրթական մարզէն ներս ազգային բարեփոխումներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջոցաւ՝ ապահովելու համար, որ բոլոր մանուկները, յատուկէն խոցելիները հասանելի ըլլան որակաւոր եւ ներառական կրթութեան։
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը ընդլայնած է նաեւ իր ծրագիրները՝ արձագանգելու համար աճ արձանագրող տագնապներուն, տրամադրելով նիւթական աջակցութիւն, որոնց շարքին աւելի քան 97 թոն դեղորայքի մատակարարում առողջապահական կեդրոններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ