Լարա. Իմ ցանկութիւնն է գործել ի սպաս խաղաղութեան։
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանումք
Այս օրերուն Արեցցօ քաղաքէն ոչ շատ հեռու «Rondine Cittadella della Pace» վայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Youtopic Fest» փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւն կը բերեն տարբեր վայրերէ ժամանած երիտասարդներ, ու միասին կը փորձեն սորվիլ «կառավարել» յուզմունքներն ու պատերազմը ու միասնաբար կառուցել աւելի կայուն ապագայ։
Ծրագրի աշակերտներու շարքին էր նաեւ Լարան, որ ժամանած է Հայաստանէն եւ որուն հետ Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի հայկական բաժանմունքը առիթը ունեցաւ զրուցելու եւ իմանալու իր ապրած այս «խաղաղաշինութեան» փորձառութեան մասին։
[ «Հարկ է իմանալ ու հասկնալ հակամարտութիւններու մէջ գտնուող կողմերուն կարիքները որովհետեւ միայն մեզմէ տարբեր մտքեր ունեցող անձին հետ գաղափարներու համեմատութեան շնորհիւ է որ կարելի է հակամարտութիւններուն լուծումներ որոնել»։ ]Լարան մեզի պատմեց թէ ինչու ինք որոշեց մաս կազմել «Rondine Cittadella della Pace» ծրագրին ու նաեւ թէ ինչպէս այդ ծրագիրը իր առջեւ բացաւ նոր հորիզոններ, որոնք զինք յանձնառու դարձուցին գործելու ի սպաս խաղաղութեան, դառնալով «խախաղաշէն»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ