2023.06.16 Presentazione libro in memoria di Padre Sahak Keshihian

Հայր Սահակ Քէշիշեան` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի յոբելենական ձեռնարկներու յուշերու ընդմէջէն

Յոբելենական ձեռնարկներուն աւարտն էր հանդիսաւոր ս. պատարագը, զոր մատուցեց Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքը կաթողիկէ հայոց:

26 եւ 27 մայիս 2023-ին, Պէյրութի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի նախկին սաներու նախաձեռնութեամբ, նշուեցաւ 100-րդ յոբելեանը հոգեհարազատ դպրոցի հիմնադրութեան, հաստատութիւն  մը, որ կը նոյնանայ երկար տարիներու (1960-1998) տնօրէն հայր Սահակ Քէշիշեանի անձին հետ:

Յոբելենական ձեռնարկները նշուեցան դպրոցի շրջափակէն ներս, Ժեհթաուի, անոնց ընթացքին տեղ գտած էին բազմաթիւ առիթներ` հայր Սահակի կեանքն ու գործը մեծարելու:

Յիսուսեան միաբանութեան Ժամհուրի Ս. Աստուածամօր եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի աշակերտները հանդէս եկան կենդանի պատկերով մը` հայր Սահակի կեանքէն դրուագներու պատումներով, դպրոցական յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, ուրբաթ, 26 մայիսի երեկոյեան, Ճեմարանի սրահին մէջ:

Հրատարակուած էր  ֆրանսերէնով գիրք մը` «Père Sahag Kechichian, le consolé consolateur», մեծապէս գնահատելի կենսագրական աշխատանք մը` հայր Րաֆֆի   Յովհաննէսեանի կողմէ:Գիրքի շնորհահանդէսին եւ գինեձօնին առիթով կազմակերպուած կլոր սեղանին ընթացքին Նշան Համամճեան, Լեւոն Նորտիկեան եւ Գրիգոր Թերզեան ներկայացուցին Յիսուսեան միաբանութեան «Հայաստան ծրագիր»-ի պատմութիւնը եւ հայր Սահակի կեանքն ու գործը:

Շքեղ ընթրիքի մը սեղաններուն շուրջ սենկրեկուարցիները, միացած իրենց սիրելի դպրոցին բակին մէջ, բաժնեկցեցան իրենց ուրախութիւնը եւ յուշերը` կրկին ունենալով հայր Սահակը որպէս պատուոյ հիւր, ներկայ` մեծ պաստառի մը վրայ ժպտերես իր լուսանկարով:

Յոբելենական ձեռնարկներուն աւարտն էր հանդիսաւոր ս. պատարագը, զոր մատուցեց  Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան կաթողիկոս-պատրիարքը կաթողիկէ հայոց:

Հայր Սահակ Քէշիշեանի Նարեկացիին նուիրուած գիրքը
Հայր Սահակ Քէշիշեանի Նարեկացիին նուիրուած գիրքը

Ս. պատարագին յաջորդեց «Բարի գալուստ»-ի սրահի բացումը` նուիրուած հայր Սահակ Քէշիշեանի յիշատակին, որ նուէրն էր նախկին սան Վարուժան Ներկիզեանի: Սրահին մէջ տեղ գտած է երեք բաժիններով թանգարան-ցուցադարան մը, ուր նրբօրէն զետեղուած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի եւ հայր Սահակի կեանքը ներկայացնող նկարներ, մասունքներ` իր անձնական իրերէն, իսկ սրահի աջակողմեան թեւին մէջ կայ հայր Սահակի կիսանդրին, որուն բացումը կատարուեցաւ նոյն օրը:

Այս բոլորին կազմակերպութիւնը կը պարտինք Ճեմարանի նախկին սաներու միութեան եւ Յիսուսեան հայրերու ներկայ դպրոցի տնօրէնութեան, որոնք հիւրերուն եւ հրաւիրեալներուն հրաժեշտ տուին բացօթեայ հիւրասիրութեամբ:

Մեզի` որպէս Քէշիշեան գերդաստանի անդամներու եւ հայր Սահակի եղբայրներուն եւ քոյրերուն զաւակներու, թոռներու ու ծոռներու, կը ներկայանար հպարտանքի եւ յուզումի մեծ առիթ մը:

Միայն այդ օրերուն ձեռնարկներու ներկայ ըլլալով չէր, որ մենք կը յիշենք մեր մեծ հօրեղբայրը, մեծ քեռին, հարազատը: Ան ներկայ է մեր ընտանեկան, մանկութեան յուշերուն եւ պատանեկան քաղցր օրերու բազմաթիւ պահերու:

Իր պարտաճանաչութեամբ հայր Սահակ չմոռցաւ երբեք իր ընտանիքը, միշտ ներկայ էր բոլորիս ուրախ եւ տխուր առիթներուն, եկեղեցւոյ ս. խորհուրդները մատուցողը եղաւ, մեզմէ ոմանք մկրտեց, որոնցմէ մին ես էի, ուրիշ զոյգեր ամուսնութեան խորհուրդով օրհնեց, որոնցմէ էին ծնողքս: Ցաւալի կորուստներուն եղաւ արագահաս «մխիթարողը»*, որովհետեւ ինք հարուստ էր հոգիի «մխիթարութեամբ»` բխած իր խոր հաւատքէն եւ հաւատարիմ իր Յիսուսեան  միաբանութեան հիմնադիր հօր հոգեւոր սկզբունքներուն, հոգիի մաքրութեան եւ պայծառութեան օրինակին:

Ուստի մենք բազմիցս հաղորդակից դարձանք իր իմաստալից խրատներուն: Այսպիսով, հայր Սահակը եղաւ մեր կեանքի օրինակը եւ խրախուսող հարազատը` քրիստոնէական հաւատքով  շարունակելու մեր կեանքը, երբեք չյուսահատելու, օրինակ առնելով իր կեանքի դժուար ուղին, իր նուիրումը` որպէս տիպար ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ, իր կամքի մեծ ուժը, որոնք եղան իր տիտանական թարգմանութեանց յաջողութեան գաղտնիքը:

Այս անկեղծ զգացումները գրի առնելու առիթը հանդիսացաւ  յոբելենական ձեռնարկին մէկ օրուան մեր մասնակցութիւնը:  Հոն ինծի համար անգամ մը եւս հաստատուեցաւ այն փաստը, որ հայր Սահակ նոյնքան մեծ եւ անմոռանալի ազդեցութիւն ձգած էր իր նախկին սաներու հոգիներուն, կեանքին ու յուշերուն մէջ:

Ան արդէն մեկնած է իր սիրեցեալ Յիսուսի մօտ, սակայն իր ժպտերես սուրբ դէմքի արտացոլումը կար բոլորիս դէմքերուն վրայ: Հայր Սահակը, այո՛, հօրեղբայր էր, հոգեւոր հովիւ, թարգմանիչ, ուսուցիչ եւ տնօրէն, բայց ամէնէն առաջ ՀԱՅՐ էր բոլորիս, այդ էր պատճառը, որուն շնորհիւ ջնջուած էին սահմանները իր ընտանեկան հարազատներու, նախկին սաներու, սկաուտներու կամ միաբանական եղբայրներու միջեւ:  Մեզ կը միացնէր ինք` իր համեստութեամբ ու հեզութեամբ:

Այդ օր շատ դժուար չէր բազմութեան մէջ հեռուէն կռահել, նախկին սենկրեկուարցի սան մը, արդարեւ, իւրաքանչիւրին դէմքին վրայ կը կարդայի յուշերով լեցուն անցեալի լուռ պատմութիւն մը ` ուրախ, պայծառ  հայեացք մը, որ կը թարգմանէր հայր Սահակի ոգին, հոգին եւ դաստիարակութիւնը:

Աւելի՛ն. կարծես հայր Սահակ ս. պատարագին ներկայ ըլլար մեր կողքին եւ կրկնէր աղօթք մը բոլորիս համար:

Այս յոբելենական ձեռնարկներու աւարտին ունիմ միայն գոհունակութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներ` այս առիթին ներկայ ըլլալուս: Այդ օր բոլոր ներկաները հաստատեցին իրենց խոստումը` ապրելու հայր Սահակի յորդորներուն հետեւելով, աղօթելով, կատարելով պարտականութիւնները լիուլի, չվախնալով, անձերը նուիրելու ուրիշներու օգնութեան համար, հեռանալով անձնասիրութենէ:

Ասոնք էին հայր Սահակի կեանքի գաղտնիքները, զորս փոխանցեց իր աշակերտներուն, հարազատներուն` որպէս զէնք կեանքի դժուարութիւններուն տոկալու:

Անոնք մեզի փոխանցեց այնպիսի անկեղծութեամբ եւ համոզումով, որ անկարելի էր չգործադրել ու չյաջողիլ:

Պատի՛ւ արժանաւորաց, խաղաղութիւն իր անմահ հոգւոյն:

29 մայիս 2023

ՆԱՅԻՐԻ ՔԷՇԻՇԵԱՆ-ԽԱՉԵՐԵԱՆ

————

* Մէջբերում թարգմանաբար իր կենսագրութիւնը ներկայացնող  »Père Sahag Kechichian, le consolé consolateur» Հայր Րաֆֆի Յովհաննէսեանի գիրքի վերնագիրէն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2023, 08:35