Որոնել

2022.08.27 Lago di Sevan (Armenia)

Սեւանայ Լիճի ջուրի մակերեսը կը շարունակէ նուազիլ

2023 թուականի յունուարէն մինչեւ յունիսի առաջին կէսն ինկած ժամանակահատուածին Արփա-Սեւան թունէլային ջրատարով Սեւանայ լիճ տեղափոխուած է 70 միլիոն 137 հազար խորանարտ մեթր ջուր։ Սեւանայ լիճ թափող գետերուն մէջ դիտուած է փոփոխական ռեժիմ։

2023 թուականի 15 յունիսի դրութեամբ Սեւանայ լիճը ծովի մակերեւոյթէն գտնուած է 1900 մեթր 52 սանթիմեթր բարձրութեան վրայ, որ նախորդ տարուան նոյն օրուայ դրութեամբ գրանցուած նիշէն նուազած է 25 սանթիմեթրով։

Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ ՇՄՆ «Հիդրոօդերեւութաբանութիւն եւ մոնիտորինգի կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն, 2023 թուականի մայիսի վերջերէն մինչ յունիսի առաջին կէսն ինկած ժամանակահատուածին Սեւանայ լիճէն ոռոգման նպատակներով բաց թողուած է 46 միլիոն 264 հազար խորանարտ մեթր ջուր, իսկ 2023 թուականի յունուարէն մինչեւ յունիսի առաջին կէսն ինկած ժամանակահատուածին Արփա-Սեւան թունէլային ջրատարով Սեւանայ լիճ տեղափոխուած է 70 միլիոն 137 հազար խորանարտ մեթր ջուր։ Սեւանայ լիճ թափող գետերուն մէջ դիտուած է փոփոխական ռեժիմ։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2023, 07:55