Որոնել

2023.01.10 Mons Nareg Alemezian

Լուսաբանութիւն մը. Սուրբ Պատարագը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ

Քրիստոնէութեան առաջին դարերէն մինչեւ այսօր նոյն ժամակարգութիւնն ու պաշտամունքային կառոյցը չենք ունեցած։

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ   

Յաճախ հաւատացեալ հայորդիներ հարց կու տան, թէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ պատարագը ի՞նչ փուլերէ անցած է պատմութեան ընթացքին։ Անշուշտ, քրիստոնէութեան առաջին դարերէն մինչեւ այսօր նոյն ժամակարգութիւնն ու պաշտամունքային կառոյցը չենք ունեցած։

Վերջերս Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» մատենադարանէն փոխ առի  գրքոյկ մը՝ Հ. Վարդան Հացունի, Հայ եկեղեցւոյ պատարագի օրերն եւ տեսակներ (Վենետիկ, 1898), որուն վերջին մասը՝ «Համառօտութիւն քննած խնդրոյս» որոշ լոյս մը կը սփռէ այս հարցին վրայ, որ արդի աշխարհաբարի վերածած եւ ծանօթութիւններու յաւելումով կը փոխանցեմ մեր ընթերցողներուն.

«Առաջին՝ սկիզբնական շրջանին ինչպէս ընդհանրական եկեղեցին, նոյնպէս եւ մեր նախնիները մինչեւ 8-րդ դար ամեն օր պատարագելու սովորութիւն չունէին։ Մինչեւ 5-րդ դար անոնց պատարագի օրերն էին՝ բացի տէրունական (Ծնթ. Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի նուիրուած) եւ ուրբաթ ու կիրակի օրերէն, մարտիրոսներու տօները։ 6-րդ դարուն, երբ անոնք կը սկսէին մարտիրոսներու տօները շաբաթ օր տօնել, ուրբաթ օրուան պատարագը շաբաթ օր կը փոխադրէին։ 8-րդ դարուն կը սկսէր ամենօրեայ պատարագը, որ մինչեւ 15-րդ եւ նոյնիսկ 17-րդ դար կը տեւէր։ Այս ժամանակաշրջանին միայն Մեծ եւ Առաջաւորի (Ծնթ. Մեծ պահքէն 3 շաբաթ առաջ կը զուգադիպի) պահքերու ընթացքին ամենօրեայ պատարագը կը դադրէր եւ միայն շաբաթ ու կիրակի օրեր կը մատուցուէր։ 17-րդ դարուն ամենօրեայ պատարագը կը դադրէր, սակայն մինչեւ այսօր կը պահուի կաթողիկէ հայերու մէջ։

Երկրորդ՝ ամեն հայ քահանայ ամեն օր պատարագելու պարտաւոր չէր եւ նոյնիսկ եթէ ուզեր չէր կրնար, որովհետեւ եկեղեցւոյ մէջ մէկ սուրբ սեղան կար (Ծնթ. Հայ եկեղեցւոյ մէջ հայ հոգեւորականի մը արտօնուած է մէկ օրուան ընթացքին միայն մէկ պատարագ մատուցել սուրբ սեղանի մը վրայ) եւ մի միայն սահմանեալ օրերու իններորդ ժամուն (Ծնթ. Կէսօրէ ետք ժամը 3:00) պատարագը հանդիսաւորապէս կը մատուցուէր։ Այս սովորութիւնը միշտ տեւած է ծուխերու մէջ ծառայող քահանաներու պարագային։ 12-րդ դարուն նոր սովորութիւն մը կը տեսնենք, երբ յոյներուն նման հայ քահանաներ եպիսկոպոսին կամ իրարու հետ պատարագելու կամ հաղորդուելու կը սկսէին։

Երրորդ՝ քրիստոնեաներու դէմ շղթայազերծուած հալածանքի շրջանին, թիւ պատարագը ինչպէս այլ եկեղեցիներու՝ մեր մէջ ալ կ՚ընդհանրանար։ Բայց յետոյ մեր մէջ չենք տեսներ զայն մինչեւ 8-րդ դարու աւարտը, երբ յատկապէս վանականներուն մօտ եւ երբեմն ալ ծուխերուն մէջ կ՚երեւէր՝ մէկ օրուան ընթացքին շատ մը պատարագներ մատուցելու սովորութեան կողքին։ Ներսէս Լամբրոնացի արքեպիսկոպոս (1153–1198) կը հակառակէր ասոր՝ տեղի ունեցող եղծումներուն պատճառով, բայց այս ամեն տեղ կը գործադրուէր մինչեւ 15-րդ դար, իսկ կաթողիկէ հայերու մէջ՝ մինչեւ այսօր։ 13-րդ դարէն ետք, մէկ հոգեւորականի օրուան մը ընթացքին մէկէ աւելի պատարագ մատուցելու պարագաներու ալ կը հանդիպինք։

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/06/2023, 08:14