Ֆրանսայի ազգային հերոս՝ Միսաք Մանուշեան մուտք կը գործէ Պանթէոն
Ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման հայազգի առաջնորդ Միսաք Մանուշեանի աճիւնը պիտի վերայուղարկաւորուի Փարիզի պանթէոնը, հաղորդած է Day Fr Euro-ն:
Նախագիծը մշակուած է քանի մը ամսուան ընթացքին։ Այժմ այն դարձած է պաշտօնական: 18 յունիսին Էլիզէ պալատը պէտք է յայտարարէ հերոս Միսաք Մանուշեանի՝ պանթէոն մտնելու մասին, նշած են լրատուամիջոցները:
1906-ին ծնած հայ բանաստեղծը գնդակահարուած է Մոն Վալերիանի մէջ 1944-ի 21 փետրուարին: Եւ 2024-ի 21 փետրուարին՝ մահուան դատավճիռէն 80 տարի ետք, ան պիտի ստանայ ազգի բարձրագոյն պարգեւը։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Միսաք Մանուշեան ներկայացուած էր քարոզչութեան յայտնի «կարմիր պաստառի» վրայ, որ զանգուածաբար փակցուած էր գերմանացիներու կողմէ՝ որպէս «յանցաւորութեան բանակի» առաջնորդ:
«Բաւական է ըսել, որ փետրուարին անոր պանթէոնացումը որեւէ հարց չ' առաջացներ, երբ ան միանայ Վիքթոր Հիւկոյին, Ժան Ժորեսին կամ Ժան Մուլենին: Եթէ ինչ որ մէկը արժանի է մտնելու այնտեղ, ան է»,-պարզաբանած է Ժան Փիեռ Սաքուն, որ ծանօթ է Մանուշեանի աճիւնի վերայուղարկաւորման մասին յայտին։
2021-ին Սաքուն ստեղծած է հովանաւորական կոմիտէ, ուր ընդգրկուած են Մանուշեանի թոռնուհին՝ Գաթիա Կիրակոսեանը, պատմաբան Տէնի Փեսչանսքին, Դիմադրութեան մասնագէտ, ծերակուտական Փիեռ Օզուլեասը եւ Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլիա Տարակոնը։ Ուրբաթ կէսօրին Էլիզէ պալատին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ընդունած է չորսը։
«Մանուշեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած, կոմունիստ, Դիմադրութեան մարտիկ, Ֆրանսային սիրահարուած օտարերկրացի է եւ սիրահար այն համաշխարհային արժէքներուն, որոնք Ֆրանսան կը կրէ յեղափոխութեան ժամանակներէն ի վեր՝ իբրեւ մարդու իրաւունքներու հայրենիք»,- ըսած է պատմաբան Տէնի Փեսչանսքի։
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ