Որոնել

Էրտողան 2-րդ փուլով 3-րդ անգամ՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան 2-րդ փուլով 3-րդ անգամ՝ Թուրքիոյ նախագահ  (AFP or licensors)

Էրտողան խոստացաւ ծառայել բոլոր քաղաքացիներուն եւ կազմեց իր նոր կառավարութիւնը

Շաբաթ օր Թուրքիոյ նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ վերընտրուած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահական երդման արարողութիւնը

Շաբաթ օր Թուրքիոյ նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ վերընտրուած Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախագահական երդման արարողութիւնը, որուն ընթացքին ան իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Թուրքիան յաջողութեամբ յաղթահարեց իր պատմութեան ընթացքին ամէնէն վճռական ընտրական հոլովոյթներէն մէկը»:

«Ամէն ինչ պիտի ընենք արդարացնելու ինծի, մեր կուսակցութեան ու քաղաքական դաշինքին ժողովուրդի տուած վստահութիւնը: Մենք պատրաստ ենք ծառայելու Թուրքիոյ 85 միլիոն բնակչութեան իւրաքանչիւրին` անկախ անոնց քաղաքական հայեացքներէն, ազգային եւ կրօնական պատկանելիութենէն», հաւաստեց Էրտողան:

Ան երկրի 85 միլիոն բնակչութեան համախմբուելու կոչ ուղղեց` «շրջանի մը մէջ, երբ հանրապետութիւնը միասնութեան կարիք ունի այնքան շատ, ինչպէս երբեւէ»:

«Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին մեր երկիրը միասնութեան կարիք ունի: Համերաշխութեան եւ միասնութեան կոչ կ՛ուղղեմ 81 նահանգներու բնակիչներէն իւրաքանչիւրին», յայտարարեց ան` ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղելով յարգելու ժողովուրդի կամքը եւ գործելու պատասխանատու կերպով` յանուն թրքական ժողովրդավարութեան ամրապնդման:

Ան հակառակորդներուն կոչ ուղղեց մէկ կողմ ձգելու նախընտրական շրջանի հակասութիւնները եւ միասնաբար իրականացնելու «Թուրքիա 100-ամեակ» ծրագիրը:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը պիտի ուժեղացուի սահմանադրութեան նոր խմբագրումով եւ հրաժարելով գործող հիմնական օրէնքէն, որ, անոր համաձայն, զինուորական յեղաշրջման շրջանի արդիւնք է:

Ան վճռական հաւատարմութիւն յայտնած է Աթաթուրքի նշանաբաններուն, ըսելով` «խաղաղութիւն տան մէջ, խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհի վրայ», եւ խոստացած ընդլայնել «մարդասիրական դիւանագիտութեան շրջանակները»:

Ան շաբաթ երեկոյեան հրապարակեց Թուրքիոյ նոր կառավարութեան կազմը, որ իր առաջին նիստը պիտի գումարէ 6 յունիսին: Կառավարութեան նոր կազմին մէջ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի տնօրէն Հաքան Ֆիտան նշանակուած է արտաքին գործոց նախարար` փոխան Մեւլութ Չաւուշօղլուի, զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Եաշար Կիւլերը պաշտպանութեան նախարար` փոխարինելով Հուլուսի Աքարը, իսկ Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Երլիքայան ներքին գործոց նախարար` փոխարինելով Սուլէյման Սոյլուն:

Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Եգիպտոսի նախագահի յատուկ յանձնարարութեամբ մասնակցեցաւ Էրտողանի երդման արարողութեան: Այս մասին հաղորդեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, որ ատիկա «վերջին շրջանին թուրք-եգիպտական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներու ծիրին մէջ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամբողջովին իրենց բնական վիճակին վերադարձին նկատմամբ երկու երկիրներու նախանձախնդրութեան ծիրին մէջ է»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2023, 07:50