Որոնել

2021.05.14 Confine Armenia - Azerbaigian a Syunik

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ՝ սահմանազատման հարցին գծով հակասական յայտարարութիւններ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ իբրեւ հիմք նկատի պիտի առնուի 1975ի քարտէսը, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը հրաժարի քարտէսներու հիման վրայ Հայաստանի հետ սահմանազատումէն:

5 Յունիսին, Հայաստան եւ Ատրպէյճան սահմանազատման հարցին գծով հակասական յայտարարութիւններով հանդէս եկան: Մինչ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ իբրեւ հիմք նկատի պիտի առնուի 1975ի քարտէսը, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը հրաժարի քարտէսներու հիման վրայ Հայաստանի հետ սահմանազատումէն: 

Միրզոյեան, պատասխանելով »Հայաստան« խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի հարցումին, թէ Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւն հաստատելու ծիրին մէջ որեւէ այլ երկրի պարագային մակերեսով ճանչցա՞ծ է այդ երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը՝  յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման հնարաւոր պայմանագիրին մէջ միմիանց տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու առումով պիտի չյիշատակուին մակերեսները։ «Հայաստանի 29,800 քկմ. տարածքի եւ Ադրբեջանի 86,600 քկմ. տարածքի ճանաչման վերաբերեալ յայտարարութիւնները քաղաքական են՝ հաստատելու, որ երկրները տարածքային պահանջներ չունեն միմեանցից», ըսաւ ան: 

Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ, ենթադրաբար, որեւէ երկրի փոխադարձ ճանաչման, յարաբերութիւններու հաստատման պայմանագիրին մէջ չկայ մակերեսի յիշատակում: «Մակերեսներով տարածքային ամբողջականութիւնները նշելը քաղաքական յայտարարութիւններ են: Սրանք այն մասին են, որ Հայաստանը չունի տարածքային պահանջ Ադրբեջանից, եւ Ադրբեջանն էլ տարածքային պահանջ չունի Հայաստանից: Ես չեմ կարծում, թէ դուք մտածում էք, որ մենք այդպիսի մակերեսի յիշատակմամբ սա պէտք է ներառենք կամ տեսնում ենք ներառուած ապագայ յարաբերութիւնների հաստատման պայմանագրում կամ այլ իրաւական փաստաթղթում: Տարբերութիւնն ակնառու է», ըսաւ Միրզոյեան:

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման համար յստակ քարտէսի մը շուրջ վերջնական պայմանաւորուածութիւն չկայ, սակայն, օրինակ, 1975ի քարտէսը հիմք վերցնելը Հայաստանի համար ընդունելի լուծում է:

«Թէ ո՛ր քարտէզով պէտք է իրականացուեն սահմանազատման աշխատանքները, դեռեւս վերջնական պայմանաւորուածութիւն չկայ: Բայց կայ յանձնառութիւն՝ այդ աշխատանքներն իրականացնել Ալմաթիի հռչակագրին համահունչ: Անցեալ տարուայ Հոկտեմբերի 6ին Պրահայում սրա շուրջ պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել՝ որ քարտէզով, պայմանաւորուածութիւն չկայ», ըսաւ Միրզոյեան:

Ըստ անոր՝ որքան ինք տեղեակ է, Քիշնեւի մէջ վերջին քննարկման ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահը առարկութիւն չյայտնեց 1975ի քարտէսին վերաբերեալ: «Խօսքն այն քարտէզի մասին է, որի շուրջ ըմբռնում ու պատրաստակամութիւն կայ շարունակել աշխատանքներն՝ ողջ միջազգային հանրութեան կողմից եւ Հայաստանի կողմից: Մենք կարծում ենք, որ 1975 թ. քարտէզով ճանաչել միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը եւ այդ հիմքով սկսել սահմանազատման աշխատանքները, ընդունելի լուծում է Հայաստանի Հանրապետութեան համար: Սակայն կոնկրետ (յստակ) քարտէզի համար վերջնական համաձայնութիւն չկայ», եզրափակեց Միրզոյեան:

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՈՐԵՒԷ ՔԱՐՏԷՍԻ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՈՒՄ 

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կը հրաժարի քարտէզներու հիման վրայ Հայաստանի հետ սահմանազատումէն: 

Յայտարարութեան մէջ նախարարութիւնը կը նշէ հետեւեալը. «Մեկնելով այն պահանջէն, թէ ի՛նչ հիման վրայ պէտք է իրականացուի սահմանազատման գործընթացը, նշենք, որ թէ՛ս Փրակի եւ թէ Սոչիի հանդիպման վերաբերեալ յայտարարութիւններուն համաձայն, սահմանազատումը պէտք է իրականացուի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ: Իբրեւ կանոն այդ յայտարարութիւններուն մէջ ՄԱԿի կանոնադրութեան եւ Ալմաթիի հռչակագիրին յղումները կը տրուին նշուած սկզբունքներու պարունակին մէջ: Հայկական կողմին քաջ յայտնի է, որ այս եւ միւս հանդիպման ընթացքին որեւէ համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած որեւէ քարտէսի հիման վրայ սահմանազատում իրականացնելու վերաբերեալ: Ըստ միջազգային պայմաններուն՝ ի տարբերութիւն Հայաստանի, սահմանազատման գործընթացը, զոր Ատրպէյճան մինչեւ այսօր կատարած է իր կարգ մը դրացիներուն հետ, կատարուած է ոչ թէ յատուկ ընտրուած քարտէսի մը, այլ իրաւական նշանակութիւն ունեցող բոլոր փաստաթուղթերու վերլուծման եւ դիտարկման հիման վրայ: Հնարաւորութիւն կայ, որ այդ դրութիւնը կիրարկուի նաեւ Հայաստանի հետ: Այս յստակ պարագային, հայկական կողմին աւելի ձեռնտու պիտի ըլլար սկսիլ սահմանազատման աշխատանքներուն, քան պնդել 1975ի քարտէսին վրայ»:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ կը մեղադրէ Հայաստանը, որ «տարբեր  պատրուակներով դանդաղեցուցած է 8 գիւղերու վերադարձը Ատրպէյճանին: Խօսքը այսպէս կոչուած «միջերկիրներու» մասին է: Ընդ որում, Ատրպէյճանի մէջ կը լռեն Ատրպէյճանի տարածքին մէջ հայկական միջերկիրներու առկայութեան մասին:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2023, 08:19