Որոնել

Russian Foreign Ministry spokeswoman Zakharova attends a news conference in Moscow

Ռուսիա Լաչինի Միջանցքի փակումը կը նկատէ երեք երկիրներու ղեկավարներու միացեալ յայտարարութեան խախտում

Ռուսիա կոչ ուղղեց Պաքուին՝ ամբողջութեամբ ապաշրջափակելու երթեւեկը Լաչինի միջանցքով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց եռակողմ համաձայնութիւններու անշեղ պահպանման կարեւորութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցք մուտքի արգելափակումը Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միացեալ յայտարարութեան խախտում է, որ պատճառ կը դառնայ լարուածութեան խորացման:

Զախարովա այս հաստատումը կատարեց՝ մեկնաբանելով Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:

«Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի  մուտքը փակելու գծով լուսարձակի տակ կ՛առնենք այն փաստը, որ նման գործողութիւններ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան դրոյթներու խախտում են: Նման քայլեր պատճառ կը դառնան լարուածութեան սրումին եւ չեն նպաստեր Ռուսիոյ աջակցութեամբ` Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին շուրջ բնական մթնոլորտի պահպանման», ըսաւ Զախարովա:

Ռուսիա կոչ ուղղեց Պաքուին՝ ամբողջութեամբ ապաշրջափակելու երթեւեկը Լաչինի միջանցքով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց եռակողմ համաձայնութիւններու անշեղ պահպանման կարեւորութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2023, 08:30