Անգործութիւնն ու անտարբերութիւնը փաստացի կը խրախուսեն Ազրպէյճանի ցեղասպան գործողութիւնները․ Արցախի ԱԳՆ
Արցախի ապտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ազրպէյճանի կողմէ միջազգային պարտաւորութիւններու խախտումով Բերձորի միջանցքի ամբողջական արգելափակման վերաբերեալ․
«Յունիս 15-էն ի վեր՝ արդէն 7-րդ օրն է, որ ազրպէյճանը ամբողջութեամբ արգելափակած է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի (ՌԽԶ) եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) կողմէ Բերձորի միջանցքով իրականացուող բոլոր տեսակի մարդկայնական բեռներու` ներառեալ պարէնի եւ դեղորայքի մատակարարումները Արցախի Հանրապետութիւն՝ ատով իսկ միտումնաւոր կերպով զրկելով Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը, ներառեալ՝ երեխաները, կիներն ու ծերերը, գոյատեւման նուազագոյն միջոցներէն։
Կ՝ընդգծենք, որ Բերձորի միջանցքի ամբողջական եւ կամայական արգելափակումը, մասնաւորապէս, ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի եւ ԿԽՄԿ-ի կողմէ Արցախի պաշարուած ժողովուրդի հիմնական կարիքներուն համար նախատեսուած մարդասիրական բեռներու փոխադրումը միտումնաւոր խոչընդոտելը, միջազգային իրաւունքով կը դիտարկուի իբրեւ պատերազմական յանցագործութիւն։ Ըստ էութեան, ազրպէյճանը 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու աղաղակող խախտումներէն եւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի 2023 թ․ Փետրուար 22-ի իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող վճիռի լիակատար անտեսումէն անցած է պատերազմական յանցագործութիւն հանդիսացող գործողութիւններու։
Յիշեցնենք, որ Բերձորի միջանցքը, որ նախատեսուած է Ռուսիոյ, ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, որմով, մասնաւորապէս, կը սահմանուի ՌԴ խողաղապահ զօրակազմին կողմէ միջանցքի բացառիկ վերահսկողութիւնը, անցած վեց ամիսներուն ընթացքին գործած է ազրպէյճանի կողմէ խիստ եւ կամայական սահմանափակումներով եւ օգտագործուած միայն ԿԽՄԿ-ի եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի մեքենաներու անցման համար։
Յունիս 15-ին Հակարիի կամուրջին վրայ ազրպէյճանական դրօշին հետ կապուած կանխամտածուած սադրանքէն ետք՝ ազրպէյճանը ամբողջութեամբ արգելափակած է միջանցքը՝ զրահամեքենաներու օգտագործմամբ։ Այսպիսով, միջանցքով երկու ուղղութիւններով երթեւեկութիւնը արդէն փակ է նաեւ ԿԽՄԿ-ի եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչներուն համար, որոնք առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ կը մատարակարէին Արցախի Հանրապետութիւն։
Արցախի Հանրապետութեան լիակատար շրջափակումը եւ արտաքին աշխարհէն մեկուսացումը կը խորացնեն մարդկայնական ճգնաժամը եւ բարենպաստ հող կը նախապատրաստեն, որպէսզի մարդկութեան դէմ ուղղուած ազրպէյճանի շարունակական յանցագործութիւնները վերաճին ցեղասպանութեան յանցագործութեան։
Ամբողջովին արգելափակելով Բերձորի միջանցքը, որ արցախցիներուն կեանքի միակ ճանապարհն է, ազրպէյճանը փաստացի նոր մակարդակի հասցուցած է Արցախի ցեղական զտման եւ իբրեւ այդպիսին անոր ժողովուրդի ոչնչացման իր նպատակաուղղուած քաղաքականութիւնը։
Կասկածէ վեր է, որ Բերձորի միջանցքի հանդէպ ապօրինի վերահսկողութիւն սահմանելու սկզբնական նպատակը եղած է անոր յետագայ արգելափակումը եւ շրջափակման օգտագործումը իբրեւ Արցախի ժողովուրդին դէմ յարձակողական եւ ցեղասպան քաղաքականութիւն վարելու միջոց։ Ըստ էութեան, Բերձորի միջանցքը, որ ի սկզբանէ նախատեսուած էր արտաքին աշխարհին հետ Արցախի կապը ապահովելու համար եւ կը հանդիսանար անոր ժողովուրդի բնականոն կենսագործունէութեան երաշխիքներէն մէկը, ազրպէյճանի կողմէ կ՝օգտագործուի իբրեւ ռազմաքաղաքական գործիք՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր քաղաքացիներուն դէմ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու համար:
120 հազար մարդ, ներառեալ՝ կիներ, ծերեր եւ երեխաներ գիտակցաբար սովի մատնելը, անոնց ամենօրեայ անտանելի տառապանքներ պատճառելը, ինչպէս նաեւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի միջոցով սեփական կամքը պարտադրելը, միջազգային հանրութենէն կը պահանջեն ձեռնարկելու հրատապ եւ արդիւնաւէտ հարկադրական բնոյթի միջոցներ՝ ուղղուած Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու զանգուածային խախտումները կանխելուն։
Խստօրէն կը պահանջենք, որպէսզի միջազգային հանրութեան բոլոր պատասխանատու անդամները ձեռնարկեն անհրաժեշտ հաւաքական եւ անհատական միջոցներ՝ դադրեցնելու ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող շարունակական միջազգային յանցագործութիւնները, ինչպէս նաեւ կանխելու Արցախի ժողովուրդին սպառնացող ցեղասպանութեան աղէտը: Ժամանակն է նաեւ, որպէսզի ԿԽՄԿ-ն եւ այլ համապատասխան միջազգային կառոյցներն ու իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները պատշաճ եւ համարժէք գնահատեն ստեղծուած իրավիճակը եւ հորդորեն ազրպէյճանի իշխանութիւններուն յարգելու Արցախի ժողովուրդի մարդասիրական օգնութեան եւ միջազգային պաշտպանութեան իրաւունքը։
Կ՝ընդգծենք, որ անգործութիւնն ու անտարբերութիւնը փաստացի կը խրախուսեն ազրպէյճանի ցեղասպան գործողութիւնները»։
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ