Որոնել

2023.06.16 Attacchi Azeri su Bredzor (Armenia - Artsakh)

Ատրպէյճանցիները Հակարիի կամուրջին ուղղութեամբ յառաջխաղացքի փորձ կատարեցին

Պաշտօնական Պաքու դրօշի տեղադրման ջանքերուն մասին չի խօսիր, այլ կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տարածքէն կրակած են Հակարիի անցակէտին ուղղութեամբ, եւ որ ատրպէյճանցի սահմանապահ մը վիրաւորուած է:

15 Յունիսի առաւօտուն, Հայաստան-Արցախ սահմանագիծին վրայ՝ Հակարիի կամուրջի տարածքին մէջ լսուեցան կրակոցներ: Ժամը 8:40-ի սահմաններուն մէջ ազրպէյճանցի խումբ մը սահմանապահ զինուորներ յառաջխաղացման փորձ կատարած են կամուրջի ուղղութեամբ` փորձած են Հայաստանի տարածքին մէջ դրօշ տեղադրել: Հայաստանի սահմանապահ ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ ձեռնարկուած միջոցներուն շնորհիւ ազրպէյճանցի զինուորներու յառաջխաղացման եւ դրօշ տեղադրելու փորձը կանխուած է: Աւելի ուշ տարածուեցաւ տեսանիւթ մը, որու մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէս ազրպէյճանցիները, ենթադրաբար, ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ կ՛անցնին կամուրջը, Հայաստանի տարածք կը մտնեն, դրօշը ձողով կը փորձեն ամրացնել, ապա բոլորը կը ցրուին` հայկական դիրքէ արձակուած կրակոցէն ետք:

Պաշտօնական Պաքուն դրօշի տեղադրման ջանքերուն մասին չի խօսիր, այլ կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տարածքէն կրակած են Հակարիի անցակէտին ուղղութեամբ, ազրպէյճանցի սահմանապահ մը վիրաւորուած է:

Օրուան ընթացքին տարածուեցաւ այլ տեսանիւթ մը, ուր ազրպէյճանական դրօշը կը բարձրացուի նոյն հատուածին մէջ` այս անգամ պատկերներէն դատելով` ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Լենցովի ներկայութեամբ: Թէ այս փորձը ինչո՛վ աւարտած է` յայտնի չէ: Փաստը այն է, որ այս պահուն կամուրջէն դէպի Սիւնիքի մարզ բերող հատուածին մէջ ազրպէյճանական դրօշ չկայ, կայ դրօշի ձողը:

Երէկ առաւօտեան Հակարիի կամուրջին մօտ տեղի ունեցած ազրպէյճանական սադրանքէն ետք Բերձորի միջանցքով բոլոր մարդասիրական ուղեւորափոխադրումներն ու բեռնափոխադրումները Ազրպէյճանի կողմէ արգիլուած են: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

«Մասնաւորաբար, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին կողմէ 25 հիւանդ եւ անոնց հարազատներ կը տեղափոխուէին Արցախէն Հայաստան, սակայն Քաշաթաղի միջանցքին մէջ գործող ապօրինի ազրպէյճանական անցակէտին մէջ արգիլուած է մեքենաներու հետագայ տեղաշարժը` անոնց ստիպելով վերադառնալ Ստեփանակերտ:

«Բացի ատկէ, չեղեալ նկատուած է այսօր նախատեսուած Ստեփանակերտ-Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով տասնեակ անձերու ուղեւորափոխադրումը մարդասիրական հրատապ կարիքներէն մեկնելով, անիկա պէտք է տեղի ունենար ռուս խաղաղապահներու կողմէ:

«Կասեցուած է նաեւ մարդասիրական բեռնափոխադրման նպատակով Գորիս մեկնող ռուս խաղաղապահներու բեռնատարներու շարժը:

«Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները հերթական անգամ կ՛արձանագրեն, որ Քաշաթաղի միջանցքին մէջ տեղադրուած ապօրինի ազրպէյճանական անցակէտը ինքնին մեծագոյն վտանգ ու խոչընդոտ է Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ ազատ տեղաշարժի ապահովման հարցին մէջ: Այսօրուան միջադէպը վերստին կը հաստատէ այդ վտանգներու եւ խոչընդոտներու գոյութիւնը` լրացուցիչ կերպով սպառնալիքի տակ դնելով Արցախի ժողովուրդի սուր մարդասիրական կարիքներուն համար նոյնիսկ Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու կողմէ մարդոց ու բեռներու խիստ սահմանափակ տեղաշարժը:

«Արցախի իշխանութիւնները կը վերահաստատեն իրենց դիրքորոշումը, որ անյապաղ ու անվերապահ կերպով պէտք է ապահովուի 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ նախատեսուած Լաչինի միջանցքի դրութիւնը առանց ազրպէյճանական որեւէ միջամտութեան, ինչպէս նաեւ պէտք է կատարուի ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուար 2023-ի որոշումը այդ հարցին վերաբերեալ»:

 

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2023, 08:23