Հայաստան - Ազրպէյճան. Ֆրանսայի զսպուածութեան եւ քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութեան կոչը
Փարիզ ափսոսանք կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանի քանի մը կէտերուն վրայ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զինեալ միջադէպերու, ներառեալ Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող Երասխի մէջ քաղաքային աշխատակազմի վրայ կրակոցներու առնչութեամբ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսան զսպուածութեան, լարուածութեան թուլացման եւ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան կոչ կ՛ուղղէ, «նաեւ կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը (Բերձորի) միջանցքին մէջ երթեւեկութեան վերականգնման վերաբերեալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 փետրուար 2023-ի կարգադրութեան լիարժէք գործադրման», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Փարիզ իր յանձնառութիւնը կը յայտնէ նպաստելու խաղաղութեան վերականգնման` ի շահ շրջանի ամբողջ բնակչութեան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները շարունակուած են բարձրագոյն մակարդակով 1 յունիսին Քիշնեւի մէջ` Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի ծիրին մէջ:
«Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան բանակցութիւններ կատարեցին (Ֆրանսայի) Հանրապետութեան նախագահի, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ: Այս հանդիպումը նշանաւորեց յառաջ շարժելու կամքը քննարկուող տարբեր նիւթերով, որոնք պէտք է լուծուին բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով», կ՛ընդգծէ Փարիզ:
«Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար տիկին Քաթրին Քոլոնան ապրիլին նաեւ այցելեց Հայաստան եւ Ազրպէյճան` օգնելու երկու երկիրներուն յառաջընթաց արձանագրելու դէպի խաղաղութեան համաձայնագիրը: Այդ ջանքերը կը կատարուին Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ սերտ համակարգումով», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Պաքու Վերստին Կը Քննադատէ Փարիզը
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած «յայտարարութիւնը հայ-ազրպէյճանական պայմանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած սադրանքի մասին, կանխակալ է եւ չ՛արտացոլացներ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Ազրպէյճանը միջազգային բոլոր արժեչափերուն եւ կանոններուն համաձայն, իբրեւ թէ ապահոված է Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութեամբ հարիւրաւոր հայ բնակիչներու տեղաշարժը:
«Հակառակ ատոր` 15 յունիսին սահմանային անցակէտի վրայ հայերու կողմէ արձակուած կրակոցէն վիրաւորուած է մեր սահմանապահը: Տուեալ պահուն կը կատարուին անվտանգութեան ապահովման քայլեր եւ կ՛ընթանայ քննութիւն», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Պաքուն անգամ մը եւս կը նշէ, թէ Ֆրանսան կողմնակալ մօտեցում կը դրսեւորէ, «ինչ որ միայն ափսոսանք կը յառաջացնէ»:
Ապա ազրպէյճանական արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը նշէ, որ «Ֆրանսական կողմը առայսօր չէ արձագանգած այն հանգամանքին, որ Հայաստանը խաղաղ բնակչութիւնը ականներու սպառնալիքի ենթարկած է, շուրջ 30 տարի տեւած բռնագրաւումի ընթացքին մշտապէս թիրախաւորած է քաղաքային բնակչութիւնը եւ սադրանքներով կը խոչընդոտէ ազրպէյճանցիներու արժանի եւ ապահով վերադարձը հայրենի հողեր»:
Պաքու կը պնդէ. «Հայկական կողմը պարտաւոր է վերջ տալ սադրանքներուն, դուրս բերել ապօրինի զօրամիաւորումները Ազրպէյճանի տարածքէն եւ կատարել հաղորդակցութեան ուղիները վերականգնելու պարտաւորութիւնը»:
Ազրպէյճանական կողմը կը հաւաստէ, որ պատրաստ է բարելաւելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները` միջազգային իրաւունքի, տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան հիմքի վրայ:
«Ֆրանսային կոչ կ՛ուղղենք, դարձեալ կողմնակալ դիրքորոշում ցուցաբերելով պարարտ հող չստեղծելու հոլովոյթը խոչընդոտելու փորձերու համար», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ