40 դեսպաններ եւ ռազմական կցորդներ ծանօթացան Երասխի մէջ տիրող կացութեան
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ բանակի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ՝ 15 Յունիսին, Երասխ այցելեցին 40 երկիրներու դեսպաններ, ռազմական կցորդներ եւ դիւանագէտներ՝ տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նախորդ երկու օրերուն, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Նախիջեւանի հատուածէն արձակուած կրակոցներուն պատճառած վիճակին:
Օտար դիւանագէտներու կարգին էին Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ այլ երկիրներու դեսպաններ:
Ըստ պաշտպանութեան 5րդ բանակային ջոկատի հրամանատար Սասուն Բադասեանի՝ ատրպէյճանցիներուն թիիրախ կը դառնայ սահմանին կառուցուող մետաղի գործարանը, որ ներկայիս շինարարական-կառուցապատման աշխատանքներու մէջ է: Ներկայիս շինարարութեան վրայ կ՛աշխատին շուրջ 200 անձեր, որոնց 70ը՝ Հնդկաստանի քաղաքացիներ:
«Գտնւում ենք այնտեղ, որտեղ վիրաւորուել է Հնդկաստանի 2 քաղաքացի, նոյնը կարող է պատահել ցանկացած երկրի քաղաքացու հետ ցանկացած վայրում, իսկ այս գործարանը սահմանից մօտ 400 մետր է հեռու: Մենք ձեզ հետ զրուցելու համար ընտրել ենք այսպիսի վայր, որ մեր թիկունքում պատ լինի, եւ դեսպանութիւնների ներկայացուցիչները պաշտպանուած լինեն», ըսաւ հրամանատարը:
Երասխի մէջ կառուցուող գործարանը ատրպէյճանական կողմի ուշադրութեան կիզակէտը դարձաւ նախորդ շաբաթ, երբ անոնց բնապահպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ այդ նախագիծը կը հարուածէ տարածաշրջանի բնապահպանական ապահովութեան եւ կրնայ աղտոտել Արաքսի ջուրերը:
Արարատի մարզպետ Սեդրակ Թեւոնեան նկատել տուաւ, որ գործարանը նախ նոյնիսկ չի գործեր, որ կարելի ըլլայ գնահատել անոր ունեցած բնապահպանական վտանգները, բացի այդ, ամերիկեան ներդրումներով կառուցուող գործարանը, ըստ մարզպետին, պիտի համապատասխանէ բնապահպանական ապահովութեան միջազգային պահանջներուն: «Ադրբեջանական կողմի նպատակը ընդամէնը մեր սահմանամերձ բնակավայրերի զարգացումը խաթարելն է», ըսաւ Թեւոնեան:
Ըստ ործարանի աշխատակիցներուն՝ կրակոցները սկսան յանկարծ. շինարարական վայրին մէջ գտնուող աշխատողներէն ոմանք փորձեցին պահուըտիլ արդէն իսկ կառուցուած պատերուն ետին, միւսները պառկեցան գետին. իրենք շատ անհանգիստ են տեղի ունեցածէն, սակայն իրենց գործընկերներուն՝ Հնդկաստանի երկու քաղաքացիներուն վիրաւորուելէն ետք, նոյնիսկ աշխատանքէն հեռանալու մտադրութիւն չունին:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ