Աւստրալիոյ Թասմանիա նահանգի խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ վերջինիս կողմէ ձեւաւորուած «Արդարութեան միացեալ նախաձեռնութիւն» բազմազգեան միաւորման հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ Աւստրալիոյ Թասմանիա նահանգի խորհրդարանը 11 մայիսին ճանչցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը: Այդպիսով Թասմանիան դարձաւ աւստրալիական երրորդ նահանգը, որ Նիւ Սաութ Ուէյլզ եւ Հարաւային Աւստրալիա նահանգներէն ետք կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Համապատասխան օրինագիծը նահանգային խորհրդարանի քննարկման ներկայացուած է խորհրդարանական Լարա Ալեքսանտրի կողմէ` արժանանալով խորհրդարանի իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու մեծ աջակցութեան` տարբեր քաղաքական խումբերէ եւ կուսակցութիւններէ:
Ներկայացուած բանաձեւի միաձայնութեամբ որդեգրման ներկայ եղած են տեղւոյն հայ, յոյն եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Սիտնիի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչները:
Մեկնաբանելով բանաձեւի որդեգրումը` Աւստրալիոյ Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Միքայէլ Քոլոքոսեան նկատած է. «Ողջունելի է այս պատմական բանաձեւի որդեգրումը, մենք շնորհակալ ենք նախաձեռնութեան կողմնակիցներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կ՛աշխատէին քուլիսներու ետին, ինչպէս նաեւ ամբողջ խորհրդարանին, որ պաշտպանեց այս բանաձեւը: Այս բանաձեւի իմաստը ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելն է, այլ նաեւ ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը չարտօնելը»:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ աշխատիլ Աւստրալիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հասնելու եւ առհասարակ հայութեան շահերու պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ