Որոնել

Հարաւային Սուտան, գաղթականներ Հարաւային Սուտան, գաղթականներ 

Սուտանի մէջ աւելի քան 13,6 միլիոն մանուկներ մարդասիրական օգնութեան խիստ կարիքը ունին

Սուտանի մէջ բռնկուած պատերազմէն ետք երկրի մէջ կը տիրէ դժուար կացութիւնը՝ սնունդի, ջուրի, ելեկտրականութեան հաղորդակցութեան պակասի հետեւանքով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Արդեն վեց շաբաթէ ի վեր Սուտանը կը գտնուի պատերազմի մէջ։ Աւելի քան 13,6 միլիոն մանուկներ հրատապ կարիքը ունին մարդասիրական օգնութեան։ Բռնութեան ազդեցութիւնը կը շարունակէ սպառնալ մանուկներուն եւ ընտանիքներուն կեանքը, դադրեցնելով հիմնական ծառայութիւնները, փակելով առողջապահական կառոյցները, որոնք քանդուած կամ վնասուած վիճակի մէջ են։

Սուտանի մէջ բռնկուած պատերազմէն ետք երկրի մէջ կը տիրէ դժուար կացութիւնը՝ սնունդի, ջուրի, ելեկտրականութեան հաղորդակցութեան պակասի հետեւանքով։

Աւելի քան մէկ միլիոն անձեր փախած են իրենց տուները ու գաղթած են Սուտանի մէջ տարբեր վայրերու մէջ, որոնց շարքին 319000 անձեր անցած են դրացի երկիրները, որոնց կէսը մանուկներ են ։

Սուտանի մէջ մանուկներուն համար մարդասիրական օգնութեան յոյժ կարիքը կայ, մինչ խոցելի անհատներ կը պայքարին գոյատեւելու եւ պաշտպանուելու համար։

ՄԱԿ-ի մանուկներու պաշտպանութեան գրասենեակի Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի տնօրէն, Տիար Ատէլէ Խոտրի կատարած յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ Սուտանի մանուկները թիւեր չեն, այլ անհատներ իրենց ընտանիքներուն հետ։ Անոնք երկրին ապագան են ու կարելի չէ կենալ ու դիտել մինչեւ որ անոնք կեանքը քանդուին բռնութեան հետեւանքէն։

Բոլոր դերակատարները պէտք են ջանք թափել պաշտպանելու համար մանուկներն ու անոնց իրաւունքները ու առանց մարդասիրական անմիջական օգնութեան, տեղահանման հետեւանքներն ու ընկերային հիմնական ծառայութիւններու պակասը ժխտական մեծ ազդեցութիւնը պիտի պատճառեն մանուկներուն։

Տիար Խոտր յայտարարութեան մէջ նշեց, որ կարիքը կայ 253 միլիոն տոլարի՝ դիմագրաւելու համար հրատապ հարցերը, որոնց շարքին,620000 մանուկներուն բժշկական ծախսերու ընդլայնումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2023, 10:59