Որոնել

AZERBAIJAN-ARMENIA-KARABAKH-CONFLICT-LACHIN

Արցախի շրջափակման հետեւանքով շուրջ 10,900 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը. ՄԻՊ

Շրջափակման ողջ ընթացքին 860 տնտեսվարող կամ ընդհանուր թիւի 20,1 տոկոսը պաշտօնապէս դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը՝ 1274 աշխատակից դարձնելով գործազուրկ, իսկ 505 տնտեսվարող կամ անոնց 11,8 տոկոսը, շարունակելով գործունէութիւնը, ստիպուած աշխատանքէ զրկած է 2908 աշխատակից:

Արցախի մէջ, նախնական հաշուարկներով, շրջափակման հետեւանքով աշխատանքն ու եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցած է շուրջ 10,900 մարդ: Այս մասին նշուած է Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի  Մայիս 11-ին հրապարակած ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան հինգ ամսուան (150-օրեայ) շրջափակման հետեւանքով մարդու անհատական եւ հաւաքական իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ արտահերթ եռալեզու զեկոյցին մէջ:

Շրջափակման ողջ ընթացքին 860 տնտեսվարող կամ ընդհանուր թիւի 20,1 տոկոսը պաշտօնապէս դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը՝ 1274 աշխատակից դարձնելով գործազուրկ, իսկ 505 տնտեսվարող կամ անոնց 11,8 տոկոսը, շարունակելով գործունէութիւնը, ստիպուած աշխատանքէ զրկած է 2908 աշխատակից:

Պետական լրացուցիչ աջակցութեան շնորհիւ 2154 տնտեսվարող կը պահպանէ 6031 աշխատատեղ, որոնք գերազանցապէս կը կրճատուէին, եթէ չըլլային շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած պետական աջակցութեան ծրագրերը:

Հաշուի առնելով աշխատանքէ զրկուելու պաշտօնական դէպքերը, ինքնազբաղուած անձերու եւ ստուէրային աշխատատեղերու փաստացի կրճատման դէպքերուն վերլուծութիւնը՝ շրջափակման եւ կենսական ենթակառուցուածքներու խափանման պատճառով 2022թ. Դեկտեմբեր 12-էն առ այսօր փաստացի աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցած է նախնական հաշուարկներով շուրջ 10,900 մարդ (ներառեալ՝ աշխատատեղի պահպանման դէպքերը), որ մասնաւոր հատուածի մէջ աշխատողներուն 50 տոկոսէն աւելին է:

Աղբիւրը` Եռագոյն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2023, 08:46