Մեր քայլերը միասին ուղղենք դէպի մեր փրկութեան տապանը․ Երեւանի մէջ՝ ուխտերթ
Հոգեգալստեան տօնի նախօրեակին՝ Մայիս 27-ին (Շաբաթ օրը) ժամը 11։00-ին, դարձի ու ապաշխարհութեան խորհուրդով Սբ․ Աննա եկեղեցւոյ բակէն սկիզբ պիտի առնէ Ուխտերթ դէպի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի։
Մեր խնդրանքին ընդառաջ՝ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ հաւատացեալներուն համար նոյն օրը ժամը 12։00-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն Երեւանի Սբ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի պիտի բերուի Տիրոջ Խաչափայտին Մասունքը եւ պիտի կատարուի մասնաւոր աղօթք՝ վասն խաղաղութեան Հայաստան եւ Արցախ մեր հայրենիքի եւ զօրակցութեան հայրենեաց պաշտպաններու:
Սիրելի՛ Քրիստոնեաներ, եկէք այդ օրը վերանորոգենք մեր Ուխտը Տիրոջ հետ, միասին մեր քայլերը ուղղենք դէպի մեր փրկութեան տապանը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցին, յայտնապէս վկայենք մեր հաւատքն առ Տէր Յիսուս Քրիստոս, միասիրտ, միախորհուրդ աղօթքով եւ միասնաբար հրաժարինք չարէն:
Յիշենք՝ մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը կ՝ըսէ. «Եթէ ձեզմէ երկուքը միաբանին երկրի վրայ որեւէ խնդրանքի համար, ինչ ալ որ խնդրեն, կը կատարուի իրենց համար իմ Հօր կողմէ, որ երկնքի մէջ է. որովհետեւ ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունով, այնտեղ եմ ես, անոնց մէջ» (Մատթ. 18:19-20)։
Սիրով կը հրաւիրենք բոլորը Մայիս 27-ին (Շաբաթ օրը) ժամը 10:30-ին գալու Սբ․ Աննա Եկեղեցի (Երեւան, Աբովեան փողոց)՝ Ուխտերթին մասնակցելու համար:
Սրբազան Հայաստան նախաձեռնութիւն
Աղբիւրը` Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ