«Արդեօք միջազգային ընտանիքը կը մտածէ Սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէ՞ջ բնակեցնել» Հարց տուաւ Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հարիսայի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, ելեւմտական, ընկերային եւ ապրուստի մարզերու տագնապներուն եւ փուլ գալու վիճակին, Աստուածամօր հանդէպ լիբանանցիներուն հաւատքը հզօր է եւ տագնապները յաղթահարելու յոյս կը ներշնչէ:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահը, որպէսզի ան պէտք եղած բարեկարգումները կատարէ եւ սկսի վերակառուցել պետութիւնը:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հիմնական տագնապներէն է նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութիւնը, որ երկրին համար վերածուած է ծանր բեռի:
Այս շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը նշեց, որ արդէն իրենց միտքին մէջ կասկածներ արթնցած են տեղահանուածներուն տրամադրուած միջազգային օժանդակութեան նկատմամբ: «Արդեօք միջազգային ընտանիքը կը մտածէ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէ՞ջ բնակեցնել», հարց տուաւ ան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակութիւնը տրամադրելու Սուրիոյ մէջ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ