Որոնել

JBHVC.jpg

Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ

Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ արձանագրուած Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հին ձեռագիրներու հաւաքածոյի, աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի անջրպետային ուսումնասիրութեան (կամ Բիւրականի առաջին ուսումնասիրութիւն) եւ յօրինող Արամ Խաչատրեանի ձեռագիր խազերու եւ երաժշտութեան հաւաքածոյին կողքին, իր արժանի տեղը գտաւ հայկական չորրորդ փաստագրական ժառանգութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

ԵՈՒՆԵՍՔՕի Գործադիր խորհուրդի 18 Մայիսի միաձայն որոշումով՝ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն արձանագրուեցաւ Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ:

Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարին մէջ արձանագրուած Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հին ձեռագիրներու հաւաքածոյի, աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի անջրպետային ուսումնասիրութեան (կամ Բիւրականի առաջին ուսումնասիրութիւն) եւ յօրինող Արամ Խաչատրեանի ձեռագիր խազերու եւ երաժշտութեան հաւաքածոյին կողքին, իր արժանի տեղը գտաւ հայկական չորրորդ փաստագրական ժառանգութիւնը:

Յայտնենք, որ Աշխարհի յիշողութեան միջազգային տոմարը փաստագրական ժառանգութեան ցանկ է, որուն մէջ ներառուած են այն փաստաթուղթերը, ձեռագիրները, տեսահնչիւնային նիւթերն ու գրադարանային հաւաքածոներն ու արխիւները, որոնք ճանչցուած են իբրեւ բացառիկ նշանակութիւն ունեցող արժէքներու մարմնաւորում եւ պէտք է վկայագրուին ու պահպանուին մարդկութեան ապագային համար:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/05/2023, 08:12