Մեր զաւակներուն արեան գնով ու մաքառումով կերտուած Արցախի անկախութիւնը եւ Հայաստանի տարածքները ենթակայ չեն սակարկութիւններու. Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդ
Մայիս 23-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տեղի ունեցաւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողով, որուն մասնակցեցան նաեւ Մայր Աթոռի վանաբնակ եպիսկոպոսները։ Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս եւ անդրադարձ եղաւ հայ-ազրպէյճանական բանակցային գործընթացին առնչութեամբ օրերս կատարուած յայտարարութիւններուն։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ.
«Հայաստանի ու Արցախի ազատ ու անկախ կեանքի տեսլականը վերջին երեք ու կէս տասնամեակներուն ընթացքին իրականութիւն դարձած է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի հերոսական պայքարին, զոհողութիւններուն եւ յանձնառութիւններուն շնորհիւ։ Հայրենեաց պաշտպան մեր նահատակ զաւակներուն սխրանքն ու լուսավառ օրինակը ամուր պահած են մեր ժողովուրդի ոգին՝ դիմակայելու ամէն նեղութիւն, շարունակելու հայրենի հողին վրայ իր պատմական ներկայութիւնը։ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ողբերգական հետեւանքները մեր հայրենիքը կանգնեցուցին անվտանգային նոր մարտահրաւէրներու, գոյաբանական սպառնալիքի առջեւ, սակայն նոյնիսկ այդ բարդ իրավիճակին մէջ չնուազեցաւ մեր ժողովուրդին եւ ազգային հաստատութիւններուն նախանձախնդրութիւնը՝ շարունակելու պաշտպանել Հայաստանի ու Արցախի արդար իրաւունքները։
ՀՀ վարչապետ նիկոլ փաշինեանի Մայիս 22-ի ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները բացայայտեցին հանրութեան մատուցուող խաղաղութեան օրակարգի իրական բովանդակութիւնը, որմով ակնյայտ կը դառնան Արցախի յետագայ ճակատագրին եւ Հայաստանի սահմանամերձ որոշակի տարածքներուն առնչութեամբ ՀՀ բանակցային գործընթացին մէջ իշխանութիւններուն որդեգրած վտանգաւոր ու մերժելի դիրքորոշումները։
Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը դատապարտելի եւ անընդունելի կը նկատէ խաղաղութեան պատրուակով «հիմնաւորուող» միակողմանի զիջումները։ Ձեռնարկուող անհեռատես քայլերով, Արցախի Հանրապետութիւնը ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները անխուսափելիօրէն կը կանգնեցնեն նոր ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման առջեւ։ Մեր զաւակներուն արեան գնով ու մաքառումով կերտուած Արցախի անկախութիւնը, Հայաստանի տարածքները ենթակայ չեն սակարկութիւններու։ Հայրենիքը բոլորինս է, եւ հայրենիքին առնչուող նման որոշումները պէտք է կայացուին ՀՀ Սահմանադրութեան հիմնարար դրոյթներուն եւ օրէնսդրութեան համահունչ եւ ոչ՝ առանձին քաղաքական խումբերու եւ խմբաւորումներու հայեցողութեամբ։
Կը յորդորենք իշխանութիւնները՝ հրաժարելու պարտուողական մտայնութենէն եւ անկէ բխող կործանարար քայլերէն, համազգային մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար գտնելու խելամիտ ու արժանապատիւ լուծումներ։ Մեր կոչը կ՝ուղղենք համայն մեր ժողովուրդին, ազգային կառոյցներուն օրհասական այս պահուն ողջախոհութեամբ սթափ գնահատելու ստեղծուած բարդ կացութիւնը եւ աննահանջ ու միաբան մնալու մեր համազգային շահերուն, Արցախի ինքնորոշման իրացուած իրաւունքի հետապնդման գործին մէջ։ Այս հարցով անհրաժեշտ կը նկատենք մեր ժողովուրդի վճռական կամարտայայտութիւնը։ Խաղաղութիւն մեր հայրենիքին, ապահով ու անվտանգ կեանք համայն մեր ժողովուրդին ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս»։
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ