Առանձին երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ոեւէ ներկայացուցիչ իրաւունք չունի տնօրինելու Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը. Արցախի ԱԳՆ
Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անտեսել Արցախի ժողովուրդի օրինական իրաւունքներն ու շահերը եւ կ՝առաջնորդուի միայն տարածաշրջանին մէջ ունեցած սեփական աշխարհաքաղաքական եւ կարճաժամկէտ շահերով՝ ի վնաս Եւրոմիութեան կողմէ հռչակուած ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու արժէքներու։ Այս մասին այսօր, Մայիս 15-ին, յայտարարութիւն տարածած է Արցախի ԱԳՆ-ն՝ Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքներով Եւրոպական խորհուրդի նախագահին հնչեցուցած արտայայտութիւններուն վերաբերեալ:
«Մայիս 14-ին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը, Հայաստանի վարչապետ նիկոլ փաշինեանի եւ ազրպէյճանի նախագահին հետ եռակողմ հանդիպման արդիւնքներով, հանդէս եկած է ԶԼՄ-ներուն համար յայտարարութեամբ։ Ինչպէս յայտարարութեան ընդհանուր բովանդակութիւնը, այնպէս ալ անոր առանձին դրոյթներ կը վկայեն, որ Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնը կը շարունակէ անտեսել Արցախի ժողովուրդի օրինական իրաւունքներն ու շահերը եւ կ՝առաջնորդուի միայն տարածաշրջանին մէջ ունեցած սեփական աշխարհաքաղաքական եւ կարճաժամկէտ շահերով՝ ի վնաս Եւրոմիութեան կողմէ հռչակուած ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու արժէքներու։
Այդ կը վկայէ մասնաւորապէս այն, որ տուեալ յայտարարութեան մէջ կը բացակայի որեւէ յիշատակում Բերձորի միջանցքի արդէն աւելի քան 5 ամիս շարունակուող արգելափակման, միջանցքի մուտքին մօտ ազրպէյճանական ապօրինի անցակէտի տեղադրման եւ Արցախի 120 հազար բնակչութեան փաստացի պաշարման մասին՝ անկէ բխող բոլոր մարդկայնական հետեւանքներով։ Այս փաստը ցոյց կու տայ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ոչ միայն կը խոչընդոտէ, այլեւ փաստացի կը խրախուսէ ազրպէյճանը Արցախի ժողովուրդին տառապանքները օգտագործելու իբրեւ քաղաքական գործիք։
Սակայն, եթէ Արցախի մէջ մարդկայնական աղէտ հրահրելու եւ ցեղական զտումներ իրականացնելու ազրպէյճանի մտադրութիւններն ու տեսանելի գործողութիւնները չեն մտահոգեր Եւրոպական խորհուրդի նախագահը, ուստի մենք իրաւունք ունէինք ակնկալելու, որ անոր ներկայացուցած կազմակերպութիւնը անմիջական շահագրգռուածութիւն կը ցուցաբերէ ազրպէյճանի կողմէ ժամանակակից միջազգային իրաւակարգի հիմնասիւներէն մէկը հանդիսացող Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի եւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշումներու անշեղ իրականացման նկատմամբ։ Այս առումով տարակուսանք կ՝առաջացնէ, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ցուցադրաբար կ՝անտեսէ ազրպէյճանի կողմէ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն դատական մարմնի իրաւաբանօրէն պարտադիր վճիռին հետեւողական չիրականացումը, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներու, մասնաւորապէս, ուժի կամ ուժի սպառնալիքի չկիրառման եւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքներու համակարգուած խախտումները։
Միայն միջազգային հանրութեան գործուն քայլերը՝ ուղղուած ազրպէյճանի կողմէ 2020 թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2023 թ․ Փետրուար 22-ի որոշման անյապաղ եւ լիարժէք իրականացման ապահովման, կրնան վկայել, որ միջնորդի դերով հանդէս եկողները անկեղծ շահագրգռուած են տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեամբ եւ կայունութեամբ։ Համոզուած ենք, որ այն միջազգային դերակատարները, որոնք իրենց գործողութիւններով կամ անգործութեամբ կը խրախուսեն պաքուն իր յարձակողական, ծաւալապաշտական քաղաքականութեան եւ միջազգայնօրէն հակաիրաւական գործողութիւններուն մէջ, ոչ միայն պատասխանատու են անոնց ծանր հետեւանքներուն համար, այլեւ կ՝արդարացնեն նման քաղաքականութեան եւ խախտումներու կրկնութիւնը աշխարհի այլ կէտերու մէջ։
Կրկին կը յիշեցնենք, որ 1991 թ․ Արցախի ժողովուրդը, միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ այն ժամանակ գործող ներպետական օրէնսդրութեան լիովին համապատասխան, իրացուցած է ինքնորոշման իր անքակտելի իրաւունքը եւ ստեղծած իր պետականութիւնը նոյն հիմքերուն վրայ, ինչ ազրպէյճանը եւ Հայաստանը: Արցախի իշխանութիւնները հետեւողականօրէն պաշտպանած են եւ պիտի շարունակեն պաշտպանել իրենց ժողովուրդին օրինական ընտրութիւնն ու ազատ կամարտայայտութիւնը։
Առանձին երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ոեւէ ներկայացուցիչ իրաւունք չունի տնօրինելու Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը։ Աւելին, ուժի ապօրինի կիրառման եւ շարունակուող ահաբեկման օրինականացման վրայ հիմնուած օրակարգը Արցախի ժողովուրդին պարտադրելու ցանկացած փորձ հաւասարազօր է մեղսակցութեան Արցախի ցեղական զտման ու տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան մշտական օճախի պահպանման ուղղուած ազրպէյճանի յանցաւոր ծրագրերու իրականացման, ինչպէս նաեւ՝ վերջինիս տարածքային նկրտումներուն եւ յարձակողկան քաղաքականութեան խրախուսման։
Այս կապակցութեամբ կրկին կը վերահաստատենք Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն վճռականութիւնը՝ շարունակելու պայքարը իրենց անքակտելի իրաւունքներուն համար՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան։ Համոզուած ենք, որ միայն Արցախի ժողովուրդին կողմէ իրացուած ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումը կրնայ հիմք հանդիսանալ հակամարտութեան կայուն կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ ու արդար խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար։
Միաժամանակ, կը յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները մշտապէս հանդէս եկած են բանակցութիւններու միջոցով ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման օգտին։ Արցախի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ բաց մնալ հակամարտութեան բոլոր բաղադրիչներու եւ խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ողջամիտ առաջարկներու քննարկման համար՝ համաձայնեցուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած բանակցային ձեւաչափով, կողմերու իրաւահաւասարութեան հիման վրայ եւ անոնց ստանձնած պարտաւորութիւններու իրականացման միջազգային ամուր երաշխիքներու առկայութեան պայմաններուն մէջ»,- կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ