Որոնել

2023.05.27   Croce Rossa Internazionale

Կարմիր Խաչի կողմէ վերսկսաւ Արցախէն հիւանդներու տեղափոխութիւնը Հայաստան

26 Մայիսին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կենտրոն»էն 15 հիւանդ` ուղեկցողներուն հետ, Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ տեղափոխուեցան Հայաստանի մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ:
Ունկնդրէ լուրը

Կարմիր Խաչի նախաձեռնութեամբ, 26 Մայիսէն վերսկսաւ Արցախէն բուժառուներու տեղափոխութիւնը Հայաստանի բժշկական կեդրոններ:

«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի մօտ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի` նշելով, որ 26 Մայիսին Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կենտրոն»էն 15 հիւանդ` ուղեկցողներուն հետ, Կարմիր խաչի միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ տեղափոխուեցան Հայաստանի մասնագիտացած բժշկական կեդրոններ:

«Մայիսի 17ից սկսած մենք նաեւ վերսկսել ենք մարդասիրական բեռների տեղափոխութիւն: Ընդհանուր առմամբ, տեղափոխել ենք տարբեր մարդասիրական բնոյթի պարագաներ, յատկապէս տեղական բուժհաստատութիւնների համար նախատեսուող բժշկական պարագաներ եւ դեղորայք: Մայիսի 17ից սկսած մինչ այսօր տեղափոխել ենք 16 բեռնատար», նշեց Ամատունի:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2023, 08:14