Որոնել

2023.05.04 Chiesa San Gregorio Illuminatore di Yerevan

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը յայտնուած է աշխարհի 25 ամենագեղեցիկ եկեղեցիներու ցանկին մէջ

«Ասիկա մեր ցանկի նորագոյն տաճարներէն է՝ կառուցուած Վազգեն Ա․ կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։

Luxatic portal-ը Երեւանի մէջ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարը ներառած է աշխարհի 25 ամենագեղեցիկ տաճարներու ցանկին մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ infoport.am-ը:

«Ասիկա մեր ցանկի նորագոյն տաճարներէն է՝ կառուցուած Վազգեն Ա․ կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։ Յայտնի է նաեւ իբրեւ Երեւանի Մայր տաճար, անիկա Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամենամեծ տաճարն է աշխարհի մէջ։ Համալիրը բաղկացած է երեք եկեղեցիներէ։ Հայկական աւանդական ճարտարապետական ​​ոճով կառուցուած տաճարը երկրի ամենաշատ այցելուող եկեղեցին է»,- կը նշէ հրատարակութիւնը։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2023, 07:45