Պլինքըն. «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները արձանագրած են շօշափելի յառաջընթաց, մօտ ենք տեսանելի համաձայնութեան հասնելուն»
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները քանի մը օր տեւած բանակցութիւններուն ընթացքին արձանագրած են շօշափելի յառաջընթաց խաղաղութեան համաձայնագիրի հարցին մէջ: Այս մասին 4 մայիսին բանակցութիւններու եզրափակիչ նիստին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:
Ան նշած է, որ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը կ՛ընդունին, որ կայուն խաղաղութեան հասնելու միակ ճամբան երկխօսութեան միջոցով է, եւ որ կողմերը վերջին օրերուն շատ ծանր հարցեր քննարկած են:
«Անոնք նոյնպէս կը հասկնան, որ գոյութիւն ունի տեսանելի եւ հասանելի համաձայնութիւն, որ ձեռք բերելը պիտի ըլլայ ոչ միայն պատմական քայլ, այլ նաեւ հիմնականին մէջ պիտի բխի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ժողովուրդներու շահերէն: Եւ շատ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ նոյնիսկ այդ երկու երկիրներու սահմաններէն դուրս», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Անոր կարծիքով` բանակցութիւններու ընթացքն ու հիմքը ցոյց կու տան, որ «մօտ ենք համաձայնութեան հասնելուն»:
«Բոլորս գիտենք, որ իւրաքանչիւր մարաթոնի վերջին մղոնը միշտ ամէնէն բարդն է: Սակայն Միացեալ Նահանգները այստեղ են, որ շարունակեն օգնել մեր երկու բարեկամներուն հատելու եզրագիծը: Եւ նորէն կ՛ըսեմ, որ մենք ատոր շատ մօտ ենք: Այս ամէնը դիւրին չէ, սակայն յառաջ երթալու, մնացած հարցերը քննարկելու վճռականութիւնը իրական է: Եւ այս օրերու քննարկումներէն կ՛եզրակացնենք, որ մենք շատ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրած ենք», ընդգծած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Պլինքըն նշեց, որ երկու նախարարներուն առաջարկած է իրենց մայրաքաղաքներ վերադառնալ ու խորհրդակցիլ իրենց կառավարութիւններուն հետ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ