Որոնել

2023.03.29 Croce rossa internazionale

Ազրպէյճանը թոյլ չի տար Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի փոխադրակառքերուն հիւանդները տեղափոխել Արցախէն Հայաստան

Անցակէտ տեղադրելէ ետք Ազրպէյճանը ամէն կարելի ձեւով կը խափանէ Կարմիր խաչի գործունէութիւնը Արցախի մէջ:

Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, Լաչինի միջանցքին անցակէտ տեղադրելու անօրինական գործողութենէն ետք, կ՛արգիլեն Կարմիր խաչի փոխադրակառքերուն տեղաշարժը եւ հիւանդներու տեղափոխումը միջանցքով: Ինչպէս կը հաղորդէ  «Արմէնփրես»-ը, իրավիճակի մասին ահազանգած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

«Անցակէտ տեղադրելէ ետք Ազրպէյճանը ամէն կարելի ձեւով կը խափանէ Կարմիր խաչի գործունէութիւնը Արցախի մէջ: Արդէն 11 օր է` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն չի կրնար առողջական ծայրայեղ վիճակի մէջ գտնուող հիւանդները տեղափոխել Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններ», թուիթըրեան իր էջին մէջ գրած է Ստեփանեան:

Ազրպէյճանական կողմը 23 ապրիլին սահմանային անցակէտ տեղադրած է Հակարի գետին վրայ կառուցուած կամուրջին վրայ: Պաքուէն յայտարարած են, որ անցակէտի տեղադրման մասին տեղեկացուցած են ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութեան եւ ռուս-թրքական դիտարկումի կեդրոնին:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2023, 08:30