Որոնել

Եւրոպական դատարանը Եւրոպական դատարանը 

Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգուած զինծառայողներու հարցով Հայաստան դիմած է Եւրոպական դատարան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմած է միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով՝ զինծառայողներու կեանքի իրաւունքը ապահովելու նպատակով։
Ունկնդրէ լուրը

Ատրպէյճանի կողմէ երկու հայ զինծառայողներու ապօրինի առեւանգման դէպքով Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցչի գրասենեակը 28 մայիսին դիմած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ)։ Տեղեկութիւնը յայտնած է գրասենեակի մամուլի պատասխանատու Յասմիկ Սամուէլեանը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դիմած է միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջով՝ զինծառայողներու կեանքի իրաւունքը ապահովելու նպատակով։

«Ադրբեջանը պէտք է դատարանին ներկայացնի նրանց պահման պայմանները, բժշկական եւ այլ փաստաթղթեր։ Երբ դատարանն ուղարկի այդ պահանջն Ադրբեջանին, այդ ժամանակ պատասխանի ժամկէտ կը նշանակի», -ըսած է Յասմիկ Սամուէլեանը։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ մայիս 26-ին՝ ժամը 19:00-էն, մարտական դիրքեր սնունդ մատակարարող ՀՀ Զինուած Ուժերու զինծառայողներ Յարութիւն Եուրիկի Յովակիմեանի եւ Կարէն Աշոտի Ղազարեանի հետ կապն ընդհատուած է:

Աւելի ուշ հաղորդուած է, որ Միջդիրքային ճանապարհին յայտնաբերուած է որոնուող զինծառայողներու կողմէ շահագործուող թիկունքային մատակարարման մեքենան, որ բեռնուած էր սնունդով եւ ջուրով՝ նախատեսուած մարտական յենակէտերու համար: Ըստ Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ յայտնաբերուած մեքենային մէջ նաեւ առկայ եղած է զինծառայողներէն մէկուն ամրակցուած զէնքը, որ կը փաստէ, որ անգամ մեքենայէն դուրս գալու եւ տեղանքին մէջ չկողմնորոշուելու պարագային զինծառայողները չէին կրնար ներթափանցման նպատակներ ունենալ:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2023, 09:10