Որոնել

TOPSHOT-SYRIA-CONFLICT-DISPLACED-RELIGION-CHRISTIANITY-ARMENIAN

«Ազրպէյճանական յարձակումներուն հետեւանքով հին եւ նոր փախստականները. անցեալը, ներկան, ապագան» թեմայով համաժողով՝ Երեւանի մէջ

Համաժողովին պիտի քննարկուին եւ հասցէագրուին նաեւ ազրպէյճանէն, Արցախէն եւ Նախիջեւանէն փախստականներու իրաւունքներու, փախստականութեան պահի գոյքային եւ այլ կորուստներու, կորսնցուցած փաստաթուղթերու, այդ տարածքին մէջ իրականացուած եւ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան խնդիրները:

Ազրպէյճանից, Նախիջեւանէն եւ Արցախէն 1988-1992թթ. եւ 2020թ. ազրպէյճանական իշխանութիւններուն ռասիստական, հայատեաց, ցեղասպանական գործողութիւններուն հետեւանքով փախած, բռնի տեղահանուած, ռազմական յանցագործ գործողութիւններու պատճառով հայրենիքը լքած, ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ այլուր ապրող փախստականներու հարցերով զբաղող հասարակական շարք մը կազմակերպութիւններ (ՀԿ) Ապրիլ 29-ին, Երեւանի մէջ՝ Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրի համերգային դահլիճին մէջ, կը կազմակերպեն «ազրպէյճանական յարձակումներուն հետեւանքով հին եւ նոր փախստականները. անցեալը, ներկան, ապագան» թեմայով համաժողով: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած են կազմակերպիչ ՀԿ-ները։

«Համաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին ազրպէյճանի կողմէ երկրի հայ քաղաքացիներուն նկատմամբ իրականացուած յանցագործութիւններու՝ Սումգայիթի, պաքուի հայկական ջարդերու, Շահումեանի շրջանի հայ բնակչութեան արտաքսման, բռնի տեղահանման եւ ցեղական զտումներու գործնական քաղաքականութեան նկատմամբ միջազգային քաղաքական գնահատականի, դատա-իրաւական գործողութիւններու բացակայութեան, ինչպէս նաեւ փախստականներու իրաւունքներու վերականգնման, ինչպէս՝ վերադարձի իրաւունքի հարցերը:

Համաժողովին պիտի քննարկուին եւ հասցէագրուին նաեւ ազրպէյճանէն, Արցախէն եւ Նախիջեւանէն փախստականներու իրաւունքներու, փախստականութեան պահի գոյքային եւ այլ կորուստներու, կորսնցուցած փաստաթուղթերու, այդ տարածքին մէջ իրականացուած եւ իրականացուող մշակութային ցեղասպանութեան խնդիրները:

Հասարակական կազմակերպութիւնները, մտահոգուած ըլլալով փախստականութեան տարբեր շերտերու բազմաբնոյթ հարցերով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային գօտիին մէջ յայտնուած փախստականներուն եւ Արցախի մէջ ապրող բնակչութեան սպառնացող գոյաբանական վտանգներով, նպատակ դրած են համաժողովին միջոցով նպաստելու խնդիրներու բաց, հրապարակային քննարկման եւ մէկ ընդհանուր հարթակի վրայ տարբեր վայրերու մէջ բնակող փախստականներու հանդիպման, երկխօսութեան եւ համաձայնեցուած առաջարկներ ընելուն:

Ազրպէյճանէն, Արցախէն եւ Նախիջեւանէն բոլոր փախստականները կը հրաւիրենք մասնակցելու համաժողովին»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/04/2023, 08:50