Լոյս Տեսաւ «Հայ Երեխաների Թուրքացումը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» գիրքը
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹՀ) հիմնադրամը ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնէ վերջերս հրատարակուած ՀՑԹՀի գիտաշխատողներու «Հայ Երեխաների Թուրքացումը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» հատորը:
Գիրքին հետազօտական առանցքը Հայոց Ցեղասպանութեան ծիրին մէջ հայ մանուկներու բռնի տեղափոխութեան թեման է՝ ներկայացուած իրաւական, կրօնական, գաղափարախօսական, պատմական գիտակարգերով: Հատորը հիմնուած է թէ՛ շրջանառուած եւ թէ նոր շրջանառուող հարուստ աղբիւրներու ուսումնասիրութեան վրայ:
Գիրքի գիտական նախաբանին հեղինակն է Նարինէ Մարգարեան:
Առաջին՝ «Երեխաներու Բռնի Տեղափոխման Վերաբերեալ Որոշ Իրաւական Հայեցակէտեր» գլխուն մէջ հեղինակ Էդիտա Գզոյեան կը ներկայացնէ մանուկներու բռնի տեղափոխութեան հարցին իրաւական երեւոյթները՝ միջազգային իրաւունքի համածիրէն քննելով նիւթին վերաբերող իրաւական հարցերը, ներկայացնելով պատմական հիմքերը, վերլուծելով բռնի տեղափոխութեան վերաբերեալ ազգային եւ միջազգային ատեաններու մէջ արծարծուած քննարկումները եւ որոշումները:
Երկրորդ՝ «Ցեղասպանական Բռնի Տեղափոխում. Հայ Երեխաները Թրքական Ռասայական (ցեղային) Ազգայնականութեան Համատեքստում» խորագիրով գլխուն մէջ, հեղինակ Ռեգինա Գալուստեան կ՛անդրադառնայ «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն» կոմիտէի ցեղային ազգայնականութեան երեւոյթներուն, անոնց ակունքներուն՝ վերլուծելով մանուկներու բռնի տեղափոխութեան եւ ձուլման Երիտասարդ թուրքերու ծրագիրները գաղափարական այդ ծիրին մէջ:
Երրորդ գլխուն մէջ՝ «Հայ Երեխաների Կրօնական-ազգային Ինքնութիւնը Երիտթուրքերի Թիրախում (թուրքացմամբ զբաղուող որբանոցների օրինակով)», հեղինակ Շուշան Խաչատրեան կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին մանուկներու բռնի տեղափոխութեան կրօնագաղափարական կողմը՝ համադրելով Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան ծրագիրը եւ արդէն գործնական հարթութեան մէջ ներկայացնելով մանուկներու բռնի տեղափոխութենէն ետք անոնց դէմ գործադրուոած թրքացման քաղաքականութիւնը:
Չորրորդ՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին Բռնի Տեղափոխուածներին Վերադարձնելու Ջանքերը. Չէզոք տան Գործունէութիւնը» գլխուն մէջ, համահեղինակներ Էդիտա Գզոյեան, Շուշան Խաչատրեան ու Ռեգինա Գալուստեան կ՛անդրադառնան մանուկներու ինքնութեան վերադարձի գործընթացներուն, Մուտրոսի զինադադարէն ետք:
Հատորի հինգերորդ եւ վերջին գլխուն մէջ՝ «Հայ Երեխաները Հայոց Ցեղասպանութեան Թուրքական ժխտողականութեան Համատեքստում. Տեսութիւններ, Թէզեր Եւ Հակաթէզեր» հեղինակ Էլինա Միրզոյեան կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին մանուկներու բռնի տեղափոխութեան վերաբերեալ թուրք հեղինակներու ժխտողական թէզերը, տեսութիւնները եւ հակաթէզերը, որոնք, ըստ հեղինակին, ունին պետական ուղղորդուած քաղաքականութիւն եւ նպատակ կը հետապնդեն զանոնք տարածելու, զարգացնելու եւ միջազգային գիտական հանրութեան մէջ շրջանառելու ուղղութեամբ:
Գիրքին վերջաւորութեան ներկայացուած են յաւելուածներ (լուսանկարներ, աղիւսակներ, քարտէսներ եւ վկայութիւններ):
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ